Կիրակի, 28 Փետրուար 2021-ին, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի սկաուտները միօրեայ գործունէութեամբ մը յիշատակեցին «Հայ Սկաուտին Օրը»՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի շրջափակէն ներս, մասնակցութեամբ 156 քոյր-եղբայրներու։
Յայտագիրը սկսաւ  դրօշակի արարողութեամբ։ Յաջորդաբար տեղի ունեցան Խմբային դրութեան կազմութիւն, մարզանք, նախաճաշ եւ ձեռային աշխատանք։
Ու հասաւ յայտագիրին ամէնէն հաճելի պահը. ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ բոլոր գայլիկներն ու սկաուտները հաստատ քայլերով տողանցեցին շրջափակին մէջ, ուր  ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ Խորհուրդն ու խմբապետութիւնը, Հալէպի Մասնաճիւղի Վարչութեան ներկայացուցիչներն ու Սկաուտ Խորհուրդը։ Տողանցքի աւարտին տեղի ունեցաւ Ա. կարգի տուչութիւն՝ ձեռամբ մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Յակոբ Ուրիշիկեանի։
ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդի խօսքը արտասանեց խորհուրդի ատենապետ եղբ. Աբիկ Խաչոյեան։ Ան շնորհաւորեց Ա. կարգ ստացող քոյրերն ու եղբայրները, ապա խօսքը ուղղեց սկաուտներուն, թելադրելով որ հպարտ ու խրոխտ քայլերով շարունակեն իրենց երթը։
Օրուան յայտագիրը շարունակուեցաւ։ Տեղի ունեցաւ երգի ուսուցում,  հարց-պատասխանի մրցում, ճաշ, ռալի եւ մտերմիկ խրախճանք։
Նայիրի Ազարիկեան- Արոյեան