ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 5 Մարտին Բաղրամեան պողոտայէն դիմատետրի ուղիղ եթերով ըսաւ. «Բաղրամեան պողոտան պէտք է թելադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական օրակարգը: Արդէն մէկ շաբաթէն աւելի է, որ մենք կը գտնուինք Բաղրամեան պողոտային մէջ: Այդ պողոտան հռչակած ենք պայքարի հարթակ: Ինչու՞ փակ կը պահենք այս պողոտան, որովհետեւ այս պողոտային մէջ կը գտնուին մեր երկիրին համար շատ կարեւոր հիմնարկներ` Ազգային ժողովը, Սահմանադրական Դատարանը, նախագահական հիմնարկը, որոնք այս օրերուն մեր երկիրին համար կարեւոր որոշումներ գոյացնելու առիթ ունին: Այս պողոտայէն ամէն վայրկեան ժողովուրդին ձայնը պէտք է հասանելի ըլլայ այս կառոյցներուն: Այս կառոյցները պէտք է ըլլան մեր ժողովուրդին հսկողութեան տակ: Այս օրերուն կը սպասէինք նախագահի կարեւոր որոշումին, բայց առուած որոշումը կիսատ էր, յոյս ունինք, որ յառաջիկայ օրերուն նախագահը յստակ դիրքորոշում, կեցուածք կ’ունենայ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ եւ որոշակիօրէն կը դիմէ Սահմանադրական Դատարան: Մեր այս պահանջը ի զօրու կը մնայ», ըսաւ ան: Անդրադառնալով իրենց ուղղուած դժգոհութեան, թէ քաղաքացիները յոգնած են ճառերէն, յստակ քայլեր, որոշակի գործողութիւններ կը պահանջեն, Իշխան Սաղաթէլեան արձագանգեց. «Մենք կ’ընդունինք ձեր քննադատութիւնը, բայց նկատի ունեցէք` մենք մեր երկիրը երբեք նոր ցնցումներու չենք տանիր, այդ Նիկոլի ծրագիրն է: Որովհետեւ տակաւին առիթ կայ առանց ցնցումներու հասնելու դաւաճանի հեռացումին, մենք այդ ուղիով պիտի երթանք: Այդ չի նշանակեր, որ մեր գործողութիւններուն մէջ երբեւէ նահանջ պիտի ըլլայ: Ի սկզբանէ ըսած ենք` դիւրին պիտի չըլլայ, մենք հիասթափուելու առիթ պէտք չէ ունենանք, նժարին մէկ կողմը դրուած է պետութեան եւ պետականութեան հարցը, միւս կողմը` գոյութիւն ունեցող բոլոր դժուարութիւնները: Ոչ մէկուն համար հաճելի է գիշեր-ցերեկ փողոցը ըլլալ եւ այս ուղիէն, այս ամէնէն անցնելով պայքարիլ»: Նշենք, որ այսօր Բաղրամեան պողոտային մէջ ընդդիմադիրները հանրահաւաք կազմակերպած են: Այդ առնչութեամբ Իշխան Սաղաթէլեան դիմեց երիտասարդներուն` կոչ ուղղելով միանալու պայքարին. «Դուք 2018-ին դուրս եկաք փողոց, կատարեցիք իշխանափոխութիւն` նպատակ ունենալով ունենալ աւելի լաւ, աւելի հզօր ու պաշտպանուած Հայաստան, ուր դուք կ’ապրէիք արժանապատուութեամբ, ուր կը վայելէիք լաւ կրթութիւն, արժանապատիւ աշխատանք: Դուք չէիք պայքարեր, որ խումբ մը մարդոց բերէիք իշխանութիւն, որպէսզի անոնք ստանան պարգեւավճար եւ ձեր հարազատները տանէին պատերազմի, կոտորածի, ձեր հայրենիքի մէկ մասը զիջէին թուրքերուն: Դուք խաբուած էք, խաբուած ենք բոլորս, բոլոր անոնք, որոնք հաւատացած են անոնց, դուք մեղաւոր չէք, Նիկոլը խաբած է բոլորը, բայց հիմա այդ սխալը ուղղելու ժամանական է, ժամանակն է, որ գաք այս հրապարակը եւ սրբագրէք գործուած սխալը»: