Չորեքշաբթի, 10 Մարտի առաւօտեան, Հալէպ նահանգի Պապ աւանին մէջ ականապատուած ինքնաշարժի մը պայթումին հետեւանքով թրքական ուժերուն ենթակայ «Ալ Համզաթ» ահաբեկչական խմբաւորումի տասնեակ անդամներ սպանուեցան: Պայթումը տեղի ունեցաւ Պապ աւանի յիշեալ խմբաւորման մարզումի կեդրոնի մուտքին: Ըստ տեղական աղբիւրներու, պայթումը իրականացուցած է թրքական ուժերուն ենթակայ այլ ահաբեկչական խմբաւորում մը: Տեղին է յիշել, որ այս խմբաւորումները յաճախ իրարու դէմ ծուղակներ կը լարեն ու զիրար կը սպանեն: Անոնց շարքերուն մէջ քաոս կը տիրէ: