ՍԱՆԱ-ի համաձայն, Չինաստանի նախագահ Շի Ճին Պինկն ու Առաջին Տիկինը բարի ապաքինման մաղթանքի նամակ մը յղած են Սուրիոյ նախագահին եւ Առաջին Տիկնոջ: Չինաստանի նախագահը նամակին մէջ յայտնած է, որ Չինաստանն ու անոր ժողովուրդը կը զօրակցին Սուրիոյ պետութեան եւ ժողովուրդին համաճարակի յաղթահարման նկրտումներուն եւ վստահ են, որ նախագահ Ասատի ղեկավարութեամբ երկիրն ու ժողովուրդը պիտի յաղթահարեն համաճարակը: