«Երկիր».-Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարար գնդապետ Սերկէյ Շոյքուն Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավար Վաղարշակ Յարութիւնեանին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ռազմական եւ ռազմաճարտարագիտական գործակցութիւնը: «Զրոյցի ընթացքին արծարծուած են երկկողմանի ռազմական եւ ռազմաճարտարագիտական գործակցութեան, ինչպէս նաեւ ռուս խաղաղապահներուն գտնուած Լեռնային Ղարաբաղի տարածքներուն իրավիճակին աղերսուած հարցեր», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: