10 Մարտին Տեմիրճեան փողոցի եւ Բաղրամեան պողոտայի խաչմերուկէն սկիզբ առաւ Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի հանրահաւաքը: Մասնակիցները պահանջեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան իր ելոյթին մէջ յիշեցուց 9 Մարտի հանրահաւաքին Շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանին խօսքերը, թէ ԱԺ պատգամաւորներուն աշխատանքը որեւէ մէկուն պէտք չէ, եւ անոնք ունին մէկ օրակարգով ԱԺ նիստերուն յաճախելու պարտադրանք` նոր վարչապետի ընտրութիւնը: Իր ելոյթով Արփինէ Յովհաննիսեան հանրահաւաքի մասնակիցներուն կոչ ուղղեց չհիասթափելու, որովհետեւ արդէն իսկ իշխանութիւնը ջլատուած է: Քաղաքացիները կը վանկարկէին «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Ազգ, բանակ, յաղթանակ»։ Իր կարգին «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իվետա Տօնոյեան յայտնեց, որ կ’ամչնայ իր պատգամաւորի կարգավիճակէն, որովհետեւ նման կարգավիճակ ունին նաեւ այն պատգամաւորները, որոնք ապրանքներու համար նախատեսուած մուտքէն կը մտնեն Ազգային Ժողով: Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան հանրահաւաքի հարթակէն յայտարարեց, որ եթէ 2015-ին աւելի լաւ մարդիկ ղեկավարէին մեր ժողովուրդը, մենք այս կորուստը չէինք ունենար: Վազգէն Մանուկեան ըսաւ, որ պատերազմի կէսէն պէտք է ոտքի ելլէինք, բայց փակած էին բոլոր լրատուական միջոցները: Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի հանրահաւաքի մասնակիցները Բաղրամեան պողոտայէն քալեցին դէպի Սայաթ-Նովա, Նալպանտեան, այնուհետեւ Կառավարութեան շէնք երթուղիով. երթը աւարտեցին կրկին Բաղրամեան պողոտային մէջ: ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան մինչեւ երթին սկսիլը դիտել տուաւ, որ Բաղրամեան պողոտան եւ Տեմիրճեան փողոցը փակ պիտի մնան: