Հինգշաբթի, 11 Մարտ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ ընդունեց Սեբաստեան Զաւալայի հաւատարմագիրը, որպէս Սուրիոյ մէջ Արժանթինի Հանրապետութեան դեսպան։ Հանդիպումին ընթացքին, Նախարար Մըքտատ յաջողութիւն մաղթեց նորանշանակ դեսպանին իր ստանձնած պաշտօնին մէջ եւ նախարարութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց դեսպանատան աջակցելու՝ ի նպաստ Սուրիոյ եւ Արժանթինի յարաբերութիւններու զարգացման։ Իր կարգին դեսպան Զաւալա շնորհակալութիւն յայտնեց սուրիական կողմին ընդունելութեան եւ ցուցաբերած աջակցութեան համար, յայտնելով Արժանթինի զօրակցութիւնը Սուրիոյ, եւ բարձր գնահատելով Սուրիոյ բարեկամական մօտեցումը Արժանթինին։