ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանական մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի աղջկանց կազմը հերթական չորրորդ յաղթանակը արձանագրելով Հոմսի մէջ պարտութեան մատնեց հիւրընկալ Քութէյնէն՝ 48-37 արդիւնքով: Խումբը այս յաղթանակով գրաւեց աղիւսակի երրորդ հորիզոնականը՝ յաջորդելով Մահարտէին եւ Հըթթինին, որոնք առաջին դիրքերը կը գրաւեն: Խումբը փոխանցուեցաւ մրցումներու յաջորդ փուլ, որուն վայրն ու թուականը տակաւին անորոշ կը մնան:
– Սուրիոյ պասքեթի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀԵԸ-ի կազմը 85-80 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ՀՄԸՄ-ի կազմը: Իթթիհատի խումբը 105-52 արդիւնքով յաղթեց Սաուրային, իսկ ճալաաը 58-52 արդիւնքով յաղթեց Հուրիէին:
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀԵԸ-ի աղջիկները Ուրբաթ, 5 Մարտին 62-57 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Լաթաքիոյ Թշրինը։ Յաջորդ օրը ՀԵԸ հիւրընկալեց Սահէլը։ Մրցումին 63-55 արդիւնքով ՀԵԸ կրեց այս տարուան իր 7-րդ պարտութիւնը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԱՏՐԻՏԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Կիրակի, 7 Մարտին Աթլեթիքօ Մատրիտի Մեթրօ Փոլիթանօ մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ մատրիտեան զոյգ խումբերու՝ Ռէալի եւ Աթլեթիքոյի սպասուած հանդիպումը: Սպանիոյ ախոյեանութեան 26-րդ փուլի մրցումներու շրջագիծին մէջ, հանդիպումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ: Աթլեթիքոյի յարձակողական խաղացող Լուիս Սուարէզ 15-րդ վայրկեանին նշանակեց հիւրընկալ խումբին կոլը, իսկ 88-րդ վայրկեանին ֆրանսացի Քարիմ Պենզիմա արձանագրեց հաւասարութեան կոլը: Քաթալոնէական Պարսելոնան 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օսասունան:
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԻՐ 6-ՐԴ
ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Անգլիոյ ախոյեանութեան 27-րդ փուլի մրցումներուն, Լիվըրփուլ շարունակելով իր ձախող արդիւնքները 1-0 արդիւնքով զիջեցաւ Վոլհամին: Հանդիպումի առաջին կիսախաղի վերջին վայրկեանին, Մարիօ Լիմիթան նշանակեց մրցումի միակ կոլը: Վերջին ինը տարիներուն, այս առաջին անգամն է որ Վոլհամ կը յաջողի պարտութեան մատնել  Լիվըրփուլը:
Երթի մրցումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ:
ՔՐԻՍՏԻԱՆՕ ՌՈՆԱԼՏՕՆ ՓՈՐՁԻ
ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ
Իտալիոյ Իւվենթուսի վարչակազմը ակումբի պաշտօնական դիմատետրի էջին վրայ  յայտարարեց, որ խումբի յարձակողական խաղացող, փորթուկալցի Քրիստիանօ Ռոնալտօն խումբի ընթացիկ փորձերուն վիրաւորուեցաւ, եւ այդ պատճառով բացակայեցաւ Լաթսիոյին դէմ կայացած հանդիպումէն: Ըստ տեղեկութիւններու, Ռոնալտօ անորոշ ժամանակաշրջան մը բացակայ պիտի մնայ մրցումներէն. ան պիտի ենթարկուի բժշկական քննութիւններու: Աւելցնենք, որ Իւվենթուս 49 կէտով կը գրաւէ աղիւսակին 3-րդ դիրքը:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՈՒՆԵՑԱՒ
Կիրակի, 7 Մարտին տեղի ունեցաւ քաթալոնէական ակումբի՝ Պարսելոնայի նախագահին ընտրութիւնը: 2003-էն 2010 նախագահութեան պաշտօնը վարող Խուան Լափորթան յաջողութիւն արձանագրելով կրկին Պարսելոնայի նախագահ ընտրուեցաւ: Ընտրութիւններուն մաս կազմեցին 55 հազար անդամներ, որոնց մէկ մասը առցանց մասնակցեցաւ ընտրութեանց: Աւելցնենք, որ Լափորթան այլ առիթներով արտայայտուեցաւ, թէ աշխատանք պիտի տանի խումբին մէջ պահելու արժանթինցի խաղացող Լիոնէլ Մեսսին:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ