Հա­ցա­հա­տի­կա­յին բոյ­սե­րը, իրենց լայն տե­սա­կանի­ով, տա­րած­ուած են բո­լոր ցա­մա­քա­մա­սե­րուն վրայ: Պե­ղում­ներն ու գի­տա­կան ապա­ցոյց­նե­րը հաս­տա­տած են, թէ հնա­գոյն ցո­րե­նի հա­տիկ­նե­րը ու­նին մօ­տա­ւո­րա­պէս 9500 տար­ուան կեանք:
Հա­ցա­հա­տի­կա­յին բոյ­սե­րու ըն­տա­նի­քը հա­րուստ է ած­խաջ­րե­րով, ճար­պե­րով, բխ­րե­ցու­ցիչ նիւ­թե­րով եւ կեն­սա­նիւ­թե­րով, ինչ­պէս՝ B2-B6-P: Հիմ­նա­կա­նօ­րէն այս ըն­տա­նի­քին մաս կը կազ­մեն ցո­րե­նը, գա­րին, բրին­ձը, կո­րե­կը, եգիպ­տա­ցո­րե­նը եւ վար­սա­կը (շո­ֆան), որոնք օգ­տա­գործ­ուած են տար­բեր տե­սա­կի հա­ցեր պատ­րաս­տե­լու նպա­տա­կով:
Հա­ցի յայտ­նա­գոր­ծու­թիւնը եղած է, մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն փու­լե­րէն մէ­կը, որ կա­տա­րե­լա­գոր­ծած է մար­դուն միտքն ու հո­գին, դարձ­նե­լով զայն առա­քի­նի: Հա­յե­րը շատ հին ժա­մա­նակ­նե­րէն զբա­ղած են երկ­րա­գոր­ծու­թեամբ ու մշա­կած են զա­նա­զան բոյ­սեր, հիմ­նա­կան սնուն­դի տե­սակ ու­նե­նա­լով հա­ցա­հա­տի­կը: Պատ­րաս­տած են բազ­մա­տե­սակ հա­ցեր՝ տար­բեր տօ­նե­րու եւ ծի­սա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու հա­մար: Հա­ցը եղած է խորհր­դա­նիշ առա­տու­թեան, խա­ղա­ղու­թեան եւ հիւ­րա­սի­րու­թեան նոյ­նիսկ խու­սա­փած են զայն դա­նա­կով կտ­րե­լէ, որ­պէս­զի հա­ցը ցաւ չզ­գայ դա­նա­կի սուր շեղ­բէն:
Կլ­կալ կամ Ղու­լաճ կո­չուող հա­ցե­րը եղած են կլո­րա­ձեւ, մէջ­տե­ղը ծակ, որ­պէս խորհր­դա­նիշ ցո­րե­նի հո­րին, զա­նոնք կա­խած են եզան եղ­ջիւր­նե­րէն, որ­պէս­զի բեր­քը ըլ­լայ առատ ու հա­ցի հո­րը լեց­ուի ցո­րե­նով:
Կ՚ըս­ուի թէ նշա­նա­ւոր պատ­մա­բան Գրի­գոր Մա­գիստ­րոս Պահ­լա­ւու­նին սո­վո­րու­թիւն ու­նէր մա­գա­ղա­թի վրայ գրե­լու ատեն կտոր մը հաց դնել իր առ­ջեւ՝ իբ­րեւ ճշ­մար­տու­թեան նշան:
«Հա­ցին նա­յե­լով մարդ եօթ­նա­պա­տիկ ճշ­մար­տա­խօս կը դառ­նայ»:
Թող Սուրբ Հա­ցը ան­պա­կաս ըլ­լայ բո­լո­րին տու­նե­րէն:
«Զհաց մեր հա­նա­պա­զորդ, տո՛ւր մեզ այ­սօր»:
Պատրաստեց Անի Մինասեան