ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
– Հոմսի մէջ, Սուրիոյ պասքեթի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, Քարամէն կը շարունակէ իր յաղթարշաւը՝ արձանագրելով իր 14-րդ յաղթանակը Ուասպէին դէմ՝ 97-51 արդիւնքով:
-ՀՄԸՄ-ի պասքեթի տղոց խումբը 54-92 արդիւնքով այս անգամ պարտութեան մատնուեցաւ Ճալաաէն՝ գրաւելով աղիւսակի Նախավերջին դիրքը: Այժմ Հալէպի տեղական խումբերու աղիւսակային դասաւորումը կը կրէ հետեւեալ պատկերը.
-Քարամէ (28 կէտ), Իթթիհատ (26 կէտ), Ճէյշ (26 կէտ), Ճալաա (24 կէտ), Ուահտէ (24 կէտ), Թալիաա (21 կէտ), Սաուրա (19 կէտ), Ուասպէ (18 կէտ), Հուրրիէ (18 կէտ), Նաուաաիր (18 կէտ), ՀՄԸՄ (15 կէտ), ՀԵԸ (15 կէտ):
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ Է ԻՐ 2021/2022 ՄՐՑԱՇՐՋԱՆԻ
ՏՆԱՅԻՆ ՄԱՐԶԱՀԱԳՈՒՍՏԻՆ ՊԱՏԿԵՐԸ
Footyheadlines հրապարակած է Ռէալ Մատրիտի 2021/2022 մրցաշըրջանի տնային մարզահագուստի պատկերը:
Սպանական ակումբի մարզաշապիկը պիտի ըլլայ աւանդական սպիտակ գոյնով: Ակումբի տարբերանշանն ու Ռէալ Մատրիտի թեքնիք հովանաւորի՝ գերմանական Adidas ընկերութեան տարբերանշանը պիտի տեղադրուին մարզաշապիկին վրայ: Ուսերուն վրայ պիտի ըլլան երեք կապոյտ շերտեր, օձիքը՝ կապոյտ-նարնջագոյն երանգներով։
ԻՒՎԵՆԹՈՒՍՆ ՈՒ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ
ՆՈՐ ԱՍՏՂԱՅԻՆ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ
Իւվենթուսն ու Պարսելոնան կը պատրաստուին խաղացողներու աստղային փոխանակութիւններ կատարելու:
Ըստ Corriere dello Sport-ի, Իւվենթուսի յարձակողական խաղացող Փաուլօ Տիպալան կրնայ տեղափոխուիլ Քաթալոնէայի մայրաքաղաք, իսկ Պարսելոնայի յարձակողական խաղացող Անթուան Կրիզմանը՝ Թուրին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԸ ՉՈՐՍ ՇԱԲԱԹ ԴԱՇՏԷՆ
ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ՎՆԱՍՈՒԱԾՔԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ
Sky Sport կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի հաւաքականի ֆութպոլիստ, իտալական Ռոմայի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեանի վերականգնման ժամանակահատուածը պիտի տեւէ երեքէն չորս շաբաթ. 32-ամեայ կիսապաշտպանը վնասած է մկանը եւ կը տեղափոխուի անթացուպերու օգնութեամբ:
Այս տարի Մխիթարեան 34 հանդիպում ունեցած է Ռոմայի կազմին մէջ, դարձած է 11 կոլի եւ 11 կոլային փոխանցումի հեղինակ: