«Երկիր».-19 Մարտին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր, ազգային, պետական, հասարակական եւ կուսակցական գործիչ, ՀՅԴ անդամ Արամ Մանուկեանի ծննդեան օրն է: Ազգային-պետական գործիչի ծննդեան 142-ամեակի առիթով Երեւանի կեդրոնին մէջ վեր խոյացող անոր յուշարձանին առջեւ ՀՅԴ մեծ ընտանիքի անունով ծաղկեպսակ զետեղուած է:

Օրուան ընթացքին այցելած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի, ՀՅԴ մարզային կառոյցներու, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական եւ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւններու անդամները:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան Արամի յուշարձանը այցելած երիտասարդներուն հետ զրուցած է նաեւ Հայաստանի պետականութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակէն դուրս գալու ելքերու մասին` այդ ամէնը ներկայացնելով Արամի փոթորկալից կեանքի բազմաթիւ դրուագներու խորապակերը: