«Արմէնփրէս».-Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 23 Մարտին հանդիպած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ: Նախագահը եւ վարչապետը քննարկած են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ներքաղաքական մթնոլորտի բարելաւման քայլերը, անդրադարձած են խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն: Կարեւոր համարուած է ընտրութիւններու ազատ եւ արդար կազմակերպման ուղղուած անհրաժեշտ քայլերու իրականացումը` Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրական դաշտի կատարելագործման միջոցով: