Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան մեկնաբանելով Մարդկային Իրաւանց Դիտարանի (Հիումըն Ռայթս Ուոչ) վերջին զեկուցումը յայտարարած է, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումները: Օրեր առաջ իրաւապաշտպան հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը` Մարդկային Իրաւանց Դիտարանը, հայ ռազմագերիներու հարցով բաւական սուր յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ` անոնց խոշտանգումները նկատելով պատերազմական յանցագործութիւն: Նաղդալեան ընդգծած է, որ Մարդկային Իրաւանց Դիտարանը փաստագրած է հայ ռազմագերիներու նկատմամբ իրականացած լայնածաւալ պատերազմական յանցագործութիւնները: «Ինչպէս արձանագրուած է Մարդկային Իրաւանց Դիտարանի զեկուցումին մէջ, Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումները կատարուած են ռազմագերիներու եւ քաղաքային պատանդներու գերեվարութեան ամբողջ ընթացքին, եւ ուղեկցուած են դաժան ու նուաստացուցիչ վերաբերմունքով եւ խոշտանգումներով», նկատել տուած է Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ բանբերը, աւելցնելով, որ զեկուցումը կ՛ամրագրէ, որ բազմաթիւ հայ զինուորներ վերջին անգամ տեսնուած են Ատրպէյճանի մէջ (պատանդի կարգավիճակով), սակայն Ատրպէյճան չէ զեկուցած անոնց մասին: