Երկուշաբթի, 22 Մարտ 2021-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ պսաակձեւ ժահրով վարակուած 171 նոր պարագաներ արձանագրուած են, 96 վարակակիրներ բուժուած են, իսկ 10 ուրիշներ մահացած։ Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնի 17411-ի, բուժուածներունը՝ 11599-ի, իսկ մահացածներունը՝ 1163-ի։