Երեքշաբթի, 23 Մարտին, Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Խորհուրդը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Խորհուրդի յառաջիկայ աշխատանքներուն. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Արդէն տեւական ժամանակ է` Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը տարատեսակ բողոքներու եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումներու, հանրահաւաքներու, իրաւական եւ քաղաքական այլ միջոցներով կը պայքարի մեր երկիրը աղէտի հասցուցած իշխանութեան դէմ: Այս ընթացքին մենք յաջողեցանք ձեւաւորել հանրային լայն համախմբում վարչապետի աթոռին կառչած անձին հեռացման պահանջին շուրջ: Վարչախումբը թէեւ դանդաղ, սակայն հանրային լայն ճնշումի ազդեցութեան տակ տեղի կու տայ: Հասարակութեան եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն համար արդէն ակնյայտ է, որ առանց առկայ ճգնաժամի հանգուցալուծման կարելի չէ Հայաստանի զարգացումը, աւելի՛ն` վտանգի տակ են երկրի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը: Միաժամանակ ակնյայտ է, որ շարունակական պայքարի գործելաոճը որոշակի անյարմարութիւններ կը ստեղծէ քաղաքացիներուն համար, ինչ որ ամենեւին ալ շարժումին նպատակը չէ: Հիմնուելով վերեւ նշուածներէն` Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումին Խորհուրդը պայքարի ներկայ շրջափուլին որոշած է. 1. Սկսիլ քաղաքական բողոքի շարժումներու նոր ալիք` ընդլայնելով գործողութիւններու աշխարհագրութիւնն ու մարզերու բնակչութեան ընդգրկուածութիւնը: 2. Հանրային ճնշումին պահպանման եւ շարժումին հետագայ գործողութիւններու համակարգման նպատակով Տեմիրճեան փողոցին մէջ տեղակայուած վրանային ճամբարը յայտարարել շարժումի շտապ: 3. Վերականգնել Բաղրամեան պողոտայէն ազատ տեղաշարժը` վերացնելով քաղաքացիներուն համար ստեղծուած անյարմարութիւնը: Շարժումին հետագայ քայլերը ներկայացնելու համար 28 Մարտին` ժամը 15:00-ին, Բաղրամեան-Տեմիրճեան փողոցներուն մէջ կը հրաւիրուի համապետական հանրահաւաք: Հայրենակիցնե՛ր, մեր նպատակն ու օրակարգը անփոփոխ են: Պիտի պայքարինք եւ յաղթենք»: