Քրիստոս Երուսաղէմ քաղաք մուտք կը գործէ յաղթական երթով եւ տօնական մթնոլորտով: Մեր Տէրը բազմութեան կողմէ յատուկ ընդունելութեան եւ վայելուչ դիմաւորութեան արժանի եղաւ: Մարդիկ իշխող հռոմէական կայսրութենէն ազատագրող արքայի մը ակնկալութեամբ կ’ապրէին: Այդ պատկերացումը զուտ ազգային մտահոգութեան հետեւանք էր: Եբրայեցի ժողովուրդը Փրկիչին գալուստին հիմնական նպատակը ցեղային դիտանկիւնէն կը փորձէր բացատրել: Ձեւով մը, երկրաւոր թագաւորութեան հաստատումը առաջնահերթ կը նկատուէր: Այս համոզումը օրուան կրօնական իշխանութեան մտածողութեան առանցքը կը կազմէր: Պատահական չէ՝ երբ ժողովուրդէն շատեր ուզեցին Քրիստոսը թագաւոր հռչակել: Հրեայ ժողովուրդը դարերէ ի վեր օտար եւ հեթանոս տիրակալութեան լուծէն ազատագրուելու վառ յոյսերով կ’ապրէր: Քրիստոսի առաքելութեան ընթացքին ազգային այդ ազատագրութեան սպասումը իր բարձրակէտին հասած էր: Հրեաներ կորսնցուցած էին անցեալի փառքը եւ մարդկային իրաւունքները: Միայն կրօնական ազատութիւն ունէին: Կարեւոր տուեալ մը, որ ազգը պահող հիմքը կը հանդիսանար: Զատիկը կարեւորագոյն տօնն էր: Երուսաղէմ քաղաքը պաշտամունքի կեդրոնն էր: Ուխտաւոր բազմութիւններ զանազան շրջաններէ եկած էին յիշելու անցեալի ազատութիւնը, որ Աստուած պարգեւած էր, հակառակ իրենց ապերախտութեան եւ խստասրտութեան: Քրիստոս Երուսաղէմ քաղաք մուտք կը գործէ առանց արքայական շքերթի կամ մեծաշուք թափօրի: Այլ՝ պարզութեամբ եւ հեզութեամբ: Ան կ’ուզէր լսել փրկութեան ծարաւ հոգիներուն կանչը: Կ’ուզէր տեսնել ճշմարտութեան փնտռտուքով ապրող սիրտերուն երկիւղած վիճակը: Ղեկավարներուն համար դիմաւորութեան ջերմ եւ սիրալիր ձեւը անախորժ կը թուի: «Ժողովուրդէն շատեր իրենց վերարկուները կը փռէին ճամբուն վրայ, ուրիշներ ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը տարածէին ճամբուն վրայ»(Մտ 21.8): Փարիսեցիները պատահածէն ծայր աստիճան դժգոհ էին, իրարու կ’ըսէին. «Կը տեսնէ՛ք որ բան մըն ալ չենք կրնար ընել. ահա ամբողջ աշխարհը իրեն կը հետեւի» (Յհ 12.19): Անոնք նախանձով տարուած կ’ուզէին սաստել անմեղունակ մանուկները, որպէսզի աղօթաշունչ խօսքեր արտասանելէ եւ ցնծութեան ձայներ հնչեցնելէ դադրէին: Խաւարամիտ այս ղեկավարները Քրիստոսի յաղթական գալուստին ընդմէջէն կը տեսնէին Անոր համբաւին արձագանգը, ինչպէս նաեւ օրուան կրօնական իշխանութեան նահանջը եւ անոնց եզակի դիրքին անկումը: Ուստի հին կարգերը չեղեալ պիտի ըլլային եւ անոնց փոխարէն պիտի հաստատուէր Քրիստոսով Նոր Ուխտ մը, որ կատարեալ է եւ հիմնովին տարբեր էր հինէն, որովհետեւ. «Յիսուս գերազանց ուխտի մը երաշխաւորը եղաւ» (Եբր 7.22)։ Կարելի է ըսել թէ Նոր Ուխտին գերազանց ըլլալուն նախանշանն է Ծաղկազարդը: Ուստի, մտատանջուած էին Փարիսեցիներն ու օրէնքի ուսուցիչները: Անհուն սիրող Վարդապետին, հեղինակութեամբ քարոզող Ուսուցիչին եւ հրաշքներ գործող Փրկիչին հետեւորդներուն վկայութեան ձայնը տարածուած էր: Մեծ բազմութիւն մը միացած էր թափօրին: Ցնծութեան արտայայտութիւնները զսպելու որեւէ ճիգ ապարդիւն էր: Մատթէոս Աւետարանիչ կ’ըսէ. «Երբ Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ, ամբողջ քաղաքը դղրդեցաւ» (Մտ 21.10): Անհնար է ուրանալ Քրիստոսի հետեւորդներուն համակրանքը: Մարդիկ լսած էին խորազգաց տպաւորութիւններ, որոնք Քրիստոսի հոգեխօս գրաւչութեան եւ հրաշալի ազդեցութեան թարգմանն էին: Ճշմարտութիւնը կը մնար անթաղելի: Աստուածամերժ մարդիկ կը փորձէին Քրիստոսի նկատմամբ թշնամական վերաբերմունք ցուցաբերել, բայց անոնց համար յարմար առիթը տակաւին չէր ներկայացած: Անոնք տօնական օրերուն, հանդիպումներու ատեն կամ տեսակցութեան ժամանակ քանիցս համարձակեցան թակարդ լարել, քննադատել եւ փորձել, սակայն ձախողութեան մատնուեցան: Միւս կողմէն տեսան թէ ինչպէս Քրիստոսի համբաւը կը տարածուէր եւ զԻնք լսողներուն թիւը աճ կ’արձանագրէր: Ժողովուրդը խանդավառուած էր Յիսուսի ներկայութեամբ: Այս իրականութեան խօսուն պատկերն էր Ծաղկազարդի տօնը: Քաղաքը յաղթական մթնոլորտ կ’ապրէր Քրիստոսի գալուստին օրհնաբեր առիթով: Քրիստոսի համար մօտեցած էր տառապանքի բաժակէն ըմպելու եւ խաչի արիւնոտ ճանապարհէն անցնելու ժամանակը: Ան նախ Երուսաղէմ գնաց: Երկրաւոր կեանքի աւարտին ժողովրդային վերջին հանդիպումն էր: Հրապարակային հանդիսաւոր երեւոյթ մը, որ բացայայտեց Քրիստոսի հակառակորդներուն չարամիտ կեցուածքն ու մտքի կուրութիւնը: Երկնաւոր թագաւորը վերին Երուսաղէմի բնակիչ ըլլալու քաղցր հրաւէրը կու տար, իսկ օրէնք սորվեցնողները աթոռի հաշիւներով սահմանափակած էին իրենց կեանքը: Ճշմարիտ ազատարարը մեղքի ծանր բեռէն հանգստացնելու եկած էր, իսկ ժամանակաւոր հանգիստ ուզողները հոգեմաշ խաբկանքներով կաշկանդած էին իրենց առօրեան:
Վերին Երուսաղէմի ճարտարապետը գալիք փառքին վերաբերեալ որոշ ճշմարտութիւններ կը յայտնէր, իսկ ինքնահաճոյ ղեկավարները սեփական ցանկութեան կառչած կը մնային: Աստուած Իր բարի կամքին համաձայն պատմութեան մէջ կը ներգործէ: Չկայ պատահական դէպք: Սուրբ գրային բնոյթ ունեցող ամէն դրուագ կամ իրադարձութիւն սերտ առնչութիւն ունի փրկութեան ծրագրին հետ: Հետեւաբար սքանչելի նշաններն ու թանկագին խոստումները, մարգարէական պատգամները եւ կանխասաց վկայութիւնները մատնացոյց կ’ընէին թէ հասած է փրկութեան ժամանակը: Ծաղկազարդը այս իրողութիւնը կը պարզէր: Աստուածային ժամկէտը ունի իր խորին խորհուրդը: Ծաղկազարդը նախապատկերն էր Քրիստոսի վերջնական յաղթանակին ընդդէմ մահուան, մեղքին եւ չարին: Քրիստոս փափաքեցաւ Երուսաղէմ այցելել: Ան կամաւորաբար եւ սիրոյ մղումով ընտրեց դէպի խաչ տանող ուղին: Դէպի Երուսաղէմ ճամբու ընթացքին Յիսուս Իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ահա Երուսաղէմ կ’երթանք, ուր Մարդու Որդին պիտի մատնուի աւագ Քահանաներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն ձեռքը, որոնք զինք մահուան պիտի դատապարտեն» (Մտ 20.18)։ Ծաղկազարդի տօնին առիթով կը մտաբերենք ժողովուրդին շրթներէն արտաբերուած հետեւեալ աղաղակը. «Օրհնեալ է ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով» (Մտ 21.9)։ Եկող Թագաւորը Տիրոջ անունով կու գար: Բարեպաշտական գեղեցկահիւս յանկերգ մըն է արտասանուած խօսքը: Խոստացուած Փրկիչը երկիւղած յարգանքով եւ անհուն սիրով դիմաւորելու թատերաբեմն էր սուրբ քաղաքը: Այսօր մենք եւս միանանք Քրիստոսի վայելչական թափօրին: Անոր յաղթաբեր գալուստը մեր սիրտերուն մէջ ընդունինք: Երկնաւոր Արքային հոգեւոր թագաւորութիւնը հաւատքով դաւանինք: Իր զօրութիւնը յուսալից կերպով խոստովանինք: Իր խօսքին հնազանդինք եւ կամքին համակերպինք, որպէսզի գովենք Իր փառքը եւ հռչակենք Իր շնորհած փրկութիւնը: Ահա այն ատեն մեր երթը պիտի շարունակենք մինչեւ աւետաբեր Յարութիւն: Ծաղկազարդի առիթով եկէք՝ լուսազարդուինք իմաստութեամբ, պսակազարդուինք խոնարհութեամբ, մաքրազարդուինք սրբութեամբ:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան