Որպէս մանուկ եւ կամ պատանի, Վարդանանցի շէնքի կառոյցը միշտ ալ հրապուրած է զիս։ Այս- օրուան եզրակացութեամբ, կրնամ հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս վարդապետին  գրասենեակը կեդրոնական տեղ կը գրաւէր դպրոցին մէջ, ուրկէ կրնար հսկել դպրոցի մէջ տեղի ունեցած իւրաքանչիւր շարժումին եւ անցուդարձին։ Շէնքի պաշտօնական գաւիթը երկիւղալից զգացումներ կ’առթէր, ուր երկրորդ յարկ բարձրանալու աստիճաններու ճակտին տեղադրուած էր Տիրամօր արձանը, ինչ որ մեզ կը մղէր լրջութեամբ եւ երկիւղով անցնելու այդ գաւիթէն։
Գաւիթին մէջ ամենասիրած մէկ անկիւնս եղած է վարդապետին սարքած ապակեայ ցուցափեղկով պահարանը, որ անմիջապէս կը գտնուէր իր գրասենեակի կողքին։ Ցուցափեղկին ետեւ կրնայինք գըտնել հետաքրքրական իրեր, ծովային քարեր, սառեցուած թիթեռնիկներ, սբիրտի մէջ պահուած օձեր, կարիճներ ու սողուններ, աստղաձուկեր, թռչուններու հաւկիթներ, զմռսուած միջատներու հաւաքածոներ, ընտիր քարեր եւ շատ ուրիշ բաներ, որոնք այժմ ամբողջութեամբ չեմ յիշեր. կարծես ըլլար մեր Սմիթսոնեան թանգարանը։ Երբեմն բոլոր զբօսանքը կ’անցընէի այդ ցուցափեղկին առջեւ ու հիացմունքով կը դիտէի այն ինչ որու պատկերները միայն տեսած էի գիտական գիրքերու մէջ։ Տեղ-տեղ ալ իրարու լուռ կու տայինք թէ վարդապետը նոր առարկայ մը աւելցուցած էր հաւաքածոյին վրայ։ Հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ, թէ ի՞նչ եղաւ այդ ցուցափեղկին ճակատագիրը։
Ինչպէս ըսինք, վարդապետին գրասենեակը այդ գաւիթին արեւմտեան անկիւնն էր։ Այդ գրասենեակը կ’երթայիր քանի մը պատճառներու եւ կամ նպատակներու համար։ Կ’երթայիր որ զբօսանքին եւ կամ մարմնամարզութեան պահերուն գնդակ, «ռաքէթ» եւ կամ ցատկելու պարան առնէիր։ Կ’երթայիր նաեւ «երեսիդ ջուրով» վարդապետին լուր տալու, թէ անկարգութեանդ պատճառով ուսուցչուհին քեզ դասարանէն դուրս դրած էր, ըստ որուն, վարդապետի նշանաւոր գաւազանէն մէկ-երկու ափի «շոյանք» կը ստանայիր ու մինչեւ յաջորդ զբօսանքի աւարտը, գաւիթին մէկ անկիւնը, երեսդ դէպի պատ, կը հաշուէիր պատի ծակտիկներուն քանակը։ Իսկ եթէ պատահէր որ յանցանքը աւելի մեծ ըլլար, պատիժը կը յետաձգուէր յաջորդ օրուան, ուր ամբողջ յայտագիրը ու «բարակ եղեգ»ին փորձառութիւնը տեղի ունենար բոլոր աշակերտներուն առջեւ։
Վարդապետին գրասենեակը կ’երթայիր նաեւ, յատկապէս նախքան առաւօտեան զանգը հնչելու, գրենական անմիջական գնում մը կատարելու համար իր գրասենեակի մէջ գտնուած պահարանէն, օրինակ՝ դպրոցի յատուկ դասացուցակ-տետր, մատիտ, խեժ, ռետին եւ տաշելիք։ Պահարանը բացուելուն պէս արդէն կը բուրէր գոյնզգոյն ռետիններու անուշ հոտը ու կը տեսնէիր կոկիկ շարուած գրենականները։ Ամբողջ օրը կը հոտոտայիր գնած այդ ռետինդ ու զայն երբեք իր կեղեւէն չէիր հաներ։
Կրթական իմաստով, վարդապետը հետաքրքրական սովորութիւն մը որդեգրած էր: Ան տարին չորս անգամ, եռամսեակի վիճակացոյցներով ու շքանշաններու իր նշանաւոր «տուփով» կ’այցելէր դասարան առ դասարան պարգեւատրելու համար դասերու եւ վարք ու բարքի մէջ գերազանց աշակերտները։ Վախի եւ խանդավառութեան խառն զգացումներու պահ մը կ’ապրէինք ու կը սպասէինք թէ արդեօք ո՞ր գոյնի շքանշանին պիտի արժանանայինք, գերազանց «կարմիրի՞ն» թէ ոչ՝ աստիճանաբար դասարանին երկրորդ եւ երրորդ տեղ նուաճող կապոյտ եւ կամ կանաչ ժապաւէններով շքանշաններուն։ Կը յիշեմ որ շուրջ 15 վայրկեան տեւող այդ արարողութենէն ետք, դասատուն յաճախ մեծ մարտահրաւէր կ’ունենար դասը շարունակելու՝ ոմանց հիասթափուած արցունքներուն հետ կարեկցելու, իսկ ոմանց ալ ուրախութեան ու հրճուանքի մթնոլորտը հանդարտեցնելու հետ մէկտեղ։ Այդ շքանշանները մէկ շաբաթ գոգնոցիդ վրայ կրելու իրաւունք կ’ունենայիր, որպէսզի ուրիշներու համար ա՛լ աւելի աշխատելու խթան մը ըլլար։
Վարդապետը կը հսկէր վարժարանի հոգեւոր դաստիարակութեան ծրագիրին եւ ըստ սովորութեան՝ աւարտական կարգի կրօնի դասապահերուն։ Իւրաքանչիւր առաւօտ, նախքան դասարան ուղղուիլը, մեր շարքերուն մէջ կ’երգէինք «Առաւօտ Լուսոյ»էն երկու համար, ապա կ’աղօթէինք «Ողջոյն Քեզ Մարիամ»ը, կը կրկնէինք «ալ-Պաաս» կուսակցութեան պիոներական ուխտը ու կը սկսէինք մեր կրթական օրը։  Հինգշաբթի առաւօտը յատուկ էր այն իմաստով, որ նախակրթարանի աշակերտներով կը հաւաքուէինք մուտքի գաւիթը եւ կ’ուղղուէինք դէպի երկրորդ յարկի մատուռը կարճ ժամերգութեան մը համար. այնտեղ Հայր սուրբը կը մատուցէր բարոյալից պատգամներ։
Այդ Հինգշաբթի օրերէն մէկուն ընթացքին էր, երբ վարդապետը ըսաւ, որ բարի լուր մը ունէր փոխանցելիք։ Երկար ժամանակէ ի վեր դպրոցը կը փափաքէր մեծ փոխադրակառք մը ունենալ, քանի որ դպրոցի փոքր Volkswagen saloon-ին մէջ, թէկուզ երկու փուլերով, խեղճ աշակերտները թխմուելով կը փոխադրուէին։ Վարդապետը շարունակեց ու ըսաւ, թէ Աստուած մեզի Mercedes մակնիշով նոր փոխադրակառք մը ղրկած էր Mission բարեսիրական հաստատութեան կողմէ։ Մեծ էր մեր ուրախութիւնը, յատկապէս երբ քանի մը շաբաթ ետք փոխադրակառքը դպրոց հասաւ եւ մենք անոր հետ նկարուեցանք։ Մեծ փոխադրակառքին հետ մանկական նախանձս աւելի շատցաւ հանդէպ այն դասընկերներուս, որոնք ամէն կէսօր տուն երթալու համար հպարտութեամբ այդ գեղեցիկ փոխադրակառքը կը բարձրանային, իսկ ես շարունակ հարց կու տայի, թէ ինչո՞ւ մեր տունը անմիջապէս դպրոցի կից պէտք էր ըլլար եւ ո՛չ աւելի հեռու, որ փոխադրակառք նստելու առանձնաշնորհումը ե՛ս ալ վայելէի։
Դպրոցին համար էական էր աշակերտին Առաջին Հաղորդութեան պատրաստութիւնը։ Երկրորդ դասարան հասած իւրաքանչիւր աշակերտ, դասարանով մէկտեղ, երկու ամսուան յատուկ դասընթացքով կը պատրաստուէր այդ յատուկ օրուան։ Դասընթացքը տեղի կ’ունենար ամէն Ուրբաթ օր դպրոցի վերջին պահուն, երկրորդ յարկի մէջ գտնուող լսատեսողական սարքաւորումով յատուկ սենեակին մէջ։ Կը սպասէինք որ այդ ժամը գար, որ մտնէինք լուսամուտները սեւ վարագոյրներով ծածկուած սենեակը ու «մոգական լապտեր»ի միջոցով դիտէինք ու հետեւէինք հոգեւոր գիտելիքներով Աստուծոյ հրաշագործութիւնները բացատրող սահիկներուն։ Վարդապետը անձամբ կը վարէր այդ դասընթացքը եւ կը բացատրէր «Հաղորդութեան» իմաստը եւ անոր կարեւորութիւնը։ Երբ եկաւ ժամանակը, ճերմակ զգեստներով եւ Աւետարաններով գաւիթի աստիճաններուն վրայ ունեցանք խմբային յիշատակի նկար մը ու անոր յաջորդող Կիրակի օրը, Հայ Կաթողիկէ տեղական եկեղեցիին մէջ՝ Առաջին Հաղորդութեան փորձառութիւնը։ Սա 1978-ի օրերէն մէկն էր, ինչ որ մինչեւ օրս իմ մէջ մեծ օրհնութեան յիշատակներ կ’արթնցնէ։
Դպրոցի հոգեւոր կարգապահութեան մէկ այլ երեւոյթը, ըստ վարժարանի հոգեւոր դաւանանքին, տարին երկու անգամ տեղի ունեցած Խոստովանանքի խորհուրդն էր։ Նշուած օրէն մէկ շաբաթ առաջ, նախակրթարանի 4-6-րդ կարգի աշակերտութեան իմաց կը տրուէր, որ հոգեպէս եւ մտքով պատրաստուէին Խոստովանանքի։ Երբ օրը կու գար, դասարան առ դասարան մատուռ կը բարձրանայինք, իւրաքանչիւրս լուռ, իրարմէ հեռու կը նստէինք մինչեւ որ մեր կարգը գար։ Հայր սուրբը կը գտնուէր խոստովանարանի պատուհանին միւս կողմը եւ կը խոստանար իր լսած բոլոր խօսքերը գաղտնի պահել։ Աւարտին, կըրկին նստարան կը վերադառնայինք, կը մտածէինք վարդապետին տուած խրատականներու մասին ու կը կատարէինք անոր թելադրած աղօթքները։ Այդ օրը շատերուս համար կ’ըլլար թարմ վերսկզբնաւորութիւն մը։
Դպրոցի մէջ անկարգութիւնը անընդունելի էր իսկ անկարգները անպայման կը ստանային համապատասխան պատիժներ։ Կային շատ մը հետաքրքրական օրէնքներ, որոնք միայն ժամանակի եւ անձնական «փորձառութեան» բերումով կրնայիր անգիր սորվիլ։ Արգիլուած էր վերի կարգի աշակերտներուն, բացի մարզանքի պահերէն, գըտնուիլ շրջափակի երկաթեայ նշանաւոր երեք խաղալիքներուն շուրջ, որոնց վրայ չեմ գիտեր քանի-քանի՜ սերունդներ հասակ առած են։ Արգիլուած էր վարդապետին եւ պետական տեսուչին գրասենեակներու լուսամուտերուն ներքեւ խաղալ եւ աղմկել։ Արգիլուած էր աշակերտին համար եղունգները եւ մազերը երկար պահել, իսկ անվայել լեզուի գործածութիւնը՝ խստիւ արգիլուած։ Ամէնէն զգուշանալիք բանը պիտի ըլլար վարդապետին սպիտակ Vespa-ին մօտենալը, որ իր յատուկ տեղը ունէր, մուտքի աստիճաններուն աջ կողմը շարուած։ Եթէ յանկարծ դպչէիր եւ կամ փորձէիր անոր վրան նստիլ, չես գիտեր, թէ ինչպէս լուրը անմիջապէս գրասենեակ կը հասնէր եւ դիպչողը կը պատժուէր, անշուշտ այդ բոլորը մեր ապահովութեան համար։ Իւրաքանչիւր տարի, դպրոցի վերի դասարաններու կարգ մը աշակերտներուն կը տրուէին յատուկ տիտղոսներ, օրինակ՝ «Մաքրութեան Յանձնախումբ», «Կարգապահութեան Յանձնախումբ», որոնց պարտականութիւն եւ իրաւասութիւն կը տըրուէր զգուշացնելու անկարգները, դպրոցը մաքուր չպահողները եւ ըստ պահանջքի 2-3 «օգնականներու» հետ անհնազանդ աշակերտը տեսչարան ներկայացնելը։ Հեղինակութեան ի՜նչ զգացում կու տար մեզի մեր ձախ ձեռքին վրայ կրած կարգապահութեան հսկողութիւնը մենաշնորհող այդ կարմիր ժապաւէնը, կարծես մենք զմեզ ոստիկանապետ զգայինք։
Հայկական դաստիարակութիւնը նոյնքան կարեւոր արժէք մըն էր Վարդանանցէն ներս։ Նախ, բոլորիս մէջ հպարտութիւն կը ներշնչէր վարժարանի անուանակոչութիւնը։ Մենք զմեզ միշտ կը տեսնէինք որպէս Աւարայրի Ճակատամարտի հերոսներուն շառաւիղները։ Իւրաքանչիւր Փետրուար ամսուն, մեծ շուքով պիտի յիշէինք հաւատքի եւ հայրենիքի համար մղուած այդ հերոսամարտը։ Ապրիլեան Նահատակներու յուշատօնին, վարժարանի կեդրոնական շէնքի մուտքի պատշգամներէն զետեղուած սեւ դրօշները եւ վերի սրահին մէջ յատուկ յիշատակութիւնը մեր ենթագիտակցութեան մէջ կը խարսխէին մեր ազգային ինքնութեան հիմերը։ Նոյնն էր պարագան 24 Ապրիլի պատկերին յետմիջօրէին վարժարանի բակը լեցնող խուռներամ հայորդիներու, որոնք կու գային ներկայ ըլլալու Եղեռնի միջհամայնքային յուշատօնին եւ ոգեկոչման։ Կը յիշեմ նաեւ մեր հայերէնի դասատուներուն անխոնջ աշխատանքը եւ ատեն-ատեն կարգ մը աշակերտներու անհոգութեան դիմաց անոնց ցուցաբերած արդար զայրոյթը եւ արցունքները, որոնք ցոյց կու տային իրենց նուիրումը եւ մեր ազգային գոյատեւման մէջ մեր Մայրենիին անփոխարինելիութեան համոզումը։
Այսօր, շուրջ 40 տարի ետք, երբ Վարդանանցի առաքելութեան մասին կը մտածեմ, կը տեսնեմ որ անոր կրթական, ազգային, հոգեւոր եւ դաստիարկչական առաքելութեան կողքին, վարժարանը եւ յատկապէս Հայր Ճապուրեանի տեսիլքը, վարժարանի անմիջական աշխարհագրական շրջապատին համար եղած էր նաեւ ընկերային ծառայութեան առաքելութեան միջոց մը, հիմնականօրէն Tin-Tinի կամ 70, 80-ական օրերուն Նոր-գիւղեան ժողովրդական արտայայտութիւնով՝ «Մօն-Բերին թէն-թէն»ով։
Մտաբերելով այդ տարիներու Հալէպի հայ գաղութի ապրած մշակոյթը եւ յատկապէս ընկերային կարգ մը խաւերու մանուկ-պատանիներուն առօրեան, պիտի տեսնենք թէ ինչքանով փողոցը եւ թաղը դարձած էին այդ մշակոյթի շատ մը պատանիներուն խաղավայրը, լռիւ հակառակ այսօրուան սերունդներուն, որոնք կրնան լման օրը համկարգիչի եւ կամ բջիջային հեռախօսի մը հետ առանձնանալ եւ շրջապատէն անջատուիլ։ Այդ օրուան սերունդը շատ բան կը սովորէր թաղէն, թերեւս՝ չարութիւնը բարութենէ առաջ։ Վստահ եմ որ այդ տուեալներու դիմաց եւ այդ սերունդի բարոյական եւ հոգեմտային առողջ դաստիարակութեան տեսիլքով է որ Հայր Ճապուրեան մեկնարկած էր Թէն-թէնի ցուցադրութեան առաքելութիւնը։ Ամէն Շաբաթ յետմիջօրէի ժամը 2:00էն սկսեալ, դպրոցի խաղավայրը կը բացուէր հայ գաղութի բոլոր մանուկ-պատանիներու առջեւ, որոնք կրնային գալ, խաղալ եւ ապա սահիկներու ցուցադրութիւնով Թեն-թենի շարունակական պատմութիւնները դիտել։
Դպրոցի վերի կարգի տղայ աշակերտներուն պարտականութիւնն էր հսկել շարուող, երկրորդ յարկի սրահը բարձրացող եւ նստարաններուն վրայ տեղաւորուող աշակերտներուն կարգապահութեան։ Երկու անձինք կը հաշուէին մտնողներուն թիւը, իսկ երկու ուրիշներ ալ կը գանձէին մուտքի 25-ական ղուրուշները։ Երբ սրահի սեւ վարագոյրները փակուէին, ներկաները նախ կը դիտէին Տէր Յիսուսի կեանքի շարունակական պատկերազարդ պատմութենէն բաժին մը։ Վարդապետը կը գործածէր իր ժամանակէն առաջ լսատեսողական միջոցառում մը, որպէսզի Աւետարանի Բարի Լուրը հասցնէր այդ փոքրիկներուն եւ բացատրէր Տիրոջ ուսուցումները եւ առակները։
Անոր կը յաջորդէր Թէն-թէնի եւ իր շնիկ Միլուի արկածախնդրութիւնները, ուր իւրաքանչիւր պատմութիւն կը տեւէր շուրջ 4-6 շաբաթ։ Սահիկները 35մմ փաթոյթներով կու գային։ Վարդապետը ֆիլմը կը զետեղէր ցուցադրական լապտերի գործիքին մէջ եւ օրուան կամաւոր աշակերտներէն ամէնէն փորձառուն կը ստանձնէր զայն ոլորելու պաշտօնը, չըսելու համար առանձնաշնորհումը, իւրաքանչիւր անգամ որ վարդապետը իր ձեռքի հասակաւոր գաւազանով հատ մը գետին հարուածէր։
Վարդապետը միշտ ալ պատմութեան հերոսի կեանքէն կը գտնէր բարոյալից դաս մը եւ զայն կը բաժնեկցէր փոքրիկներուն հետ, ինչպէս՝ ճշմարտախօսութեան, հաւատարմութեան, գթասրտութեան, սկզբունքի տէր ըլլալու եւ շիտակն ու բարին ընելու մասին։ 45 վայրկեան տեւող այս սահիկներու պահի աւարտին, բոլորս բակ կը վազէինք, ոմանք գրասենեակէն գնդակ կ’առնէին, ուրիշներ Թէն-թէնի պատկերազարդ ու թերեւս ալ 35 տարբեր տեղերէ փակցուած գիրքերը կը վարձէին, իսկ ես ալ գրադարանի վերի երկու շարքերու մէջ շարուած հայերէն գիրքերէն յաջորդ ընթերցելիքս կ’ընտրէի։ Այսպէս կը լեցուէր Նոր-Գիւղի եւ առ հասարակ Հալէպի շատ մը հայ պատանիներու Շաբաթ յետմիջօրէի ժամերը։
Գէթ ինծի համար, Աւետարանի ճշմարտութիւններուն եւ ուրիշ շատ մը մարդկային առաքինութիւններուն եւ արժէքներուն հանդիպած եմ հոն՝ Թէն-թէնի պահերուն ընթացքին, որոնք իմ մէջս եւ վստահ եմ ուրիշ հարիւրաւոր մանուկ-պատանիներու մէջ ալ ցանուած են եւ տակաւին կը մնան։
Թէեւ Վարդանանց վարժարանի պատմութիւնը պաշտօնապէս աւարտեցաւ 1992-ին, սակայն անոր ազդեցութիւնը կը շարունակուի մեր մէջ եւ բոլոր այն սերունդներուն, որոնց կեանքերը ազդուեցան, նկարագիրները կերտուեցան եւ իրենց կեանքի ասպարէզները հիմնաւորուեցան այդ շրջափակէն ու դասարաններէն ներս։
Յարգանք բոլոր մեր դաստիարակներուն, յարգանք մեր «վարդապետին»։
Վեր. Վաչէ Էքմէքճեան
Փասատենա, ԱՄՆ