«Երկիր».-1 Ապրիլին ամէնշաբաթեայ ճեպազրոյցի ընթացքին Ռուսիոյ ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Մարիա Զախարովան յայտարարած է, որ Մոսկուան հանդէս եկած է  Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններուն մշակութային ու կրօնական վայրերուն մէջ յարգանք ցուցաբերելու նկատառումով: Ան դիտել տուած է նաեւ, որ այսպէս է  Ռուսիոյ սկզբունքային դիրքորոշումը:

Պուլկարացի լրագրողի հարցումին` ռուսական կողմը կրնա՞յ կրկին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն եւ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի փորձագէտներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել Ատրպէճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վրայ, յատկապէս` վերջին գործողութիւններու լոյսին տակ`  Շուշիի եւ Մեխակաւանի մէջ երկու հայկական եկեղեցիներուն նկատմամբ վանտալիզմի մասին, կա՞յ այդպիսի գործողութիւնները արդարադատութեան ենթարկելու ձեւաչափ, Զախարովան պատասխանած է. «Մեր սկզբունքային դիրքորոշումը այսպիսին է` մենք կողմ ենք Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններուն մէջ մշակութային ու հոգեւոր նշանակութիւն ունեցող տուեալներուն զգուշօրէն վերաբերելու: Մենք կը վերահաստատենք տարածաշրջանի մէջ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան շուտափոյթ կազմակերպման կարեւորութիւնը եւ իւրաքանչիւր առանձին պարագայի կապ կը հաստատենք նաեւ կողմերու հետ»: