«Երկիր».-Պաքուի մէջ`«Ազերլանտշաֆթ» ԲԲԸ-ի տարածքին, Ատրպէյճանի ականազերծման գործակալութեան ներկայացուցիչները ցուցադրած են  «Իսքանտէր» հրթիռներու բեկորներ, որոնք, ըստ գործակալութեան, Հայաստանը կիրառած է Ատրպէյճանին դէմ:

Նշենք, որ Ատրպէյճանի ականազերծման գործակալութիւնը օրերս յայտարարած էր, թէ Շուշիի մէջ յայտնաբերուած են հայերու կողմէն կիրառուած «իսքանտէր»-ի հրթիռներու բեկորներ: