«Արմրնփրէս».- ՀՀ ԱԳՆ-ին մէջ 5 Ապրիլին տեղի  ունեցած է Հայաստանի` ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի նիստը, որու օրակարգի առանցքային նիւթերէն մէկը եղած է Արցախի` ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պատշաճ եւ երաշխաւորուած պաշտպանութեան, անոնց նկատմամբ վանտալիզմի դէպքերը կանխելու եւ ինքնութեան խեղաթիւրման հարցը:

Հայաստանի` ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի նախագահ, ՀՀ Արտաքին Գործոց (յետայսու՝ ԱԳ) նախարար Արա Այվազեան իր խօսքին մէջ յայտնած  է. «Ինչպէս գիտէք, ատրպէյճանաթրքական յարձակումին հետեւանքով եւ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութենէն վերջ այլ մարդասիրական հարցերուն հետ մէկտեղ անյետաձգելի հարցերէն  դարձած է Արցախի` ատրպէյճանական վերահսկողութեան  տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պատշաճ եւ երաշխաւորուած պահպանումը, վանտալիզմի դէպքերու կանխումը եւ մշտադիտարկման ապահովումը:

Ատրպէյճանի ռազմական վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի տարածքներուն մէջ գտնուող հազարաւոր պատմամշակութային եւ կրօնական յուշարձաններ յայտնուած են ոչնչացման վտանգի տակ: Այս յուշարձանները, որոնք տարածաշրջանի մէջ հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան իրեղէն ապացոյցն են, մեծ արժէք կը ներկայացնեն ոչ միայն հայկական, այլեւ համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան համար:

Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վտանգը իրական է` նկատի առնելով Ատրպյճանի կողմէն անոնց դիտաւորեալ վնասումի բազմաթիւ նախադէպերը, տասնամեակներ շարունակ իրականացուած հայատեաց քաղաքականութիւնն ու հայկական մշակութային ժառանգութեան համակարգուած աւերումը: Այս մասին կը վկայէ նաեւ Նախիջեւանի հարուստ հայկական մշակութային ժառանգութեան` մօտաւորապէս 28.000 յուշարձաններու ոչնչացումը»:

Աղբիւրին համաձայն, նախարար Այվազեան ընգծած է, որ ատրպյճանաթրքական յարձակումի առաջին  օրերէն անհրաժեշտ բոլոր աշխատանքները տարուած են ` միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու Արցախի պատմամշակութային կոթողներու պաշտպանութեան կարեւորութեան վրայ: Ադրադառնալով ԻՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէն Արցախ առաքելութեան գործուղման` ՀՀ ԱԳ նախարարը շեշտած է, որ հայկական կողմը կառուցողական երկխօսութեան մէջ է կազմակերպութեան հետ, եւ գործուն ջանքեր  գործադրուած են ԻՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնի կողմէն ի սկզբանէ յայտարարուած եւ զինեալ հակամարտութիւններու պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին 1954թ. Հաագայի համաձայնութեան Երկրորդ արձանագրութեան միջկառավարական կոմիտէի յայտարարութեամբ վերահաստատուած  առաքելութիւն իրականացնելու ուղղութեամբ:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը վերահաստատած է, որ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան  պաշտպանութեան ուղղութեամբ ՀՀ ԱԳՆ-ն պիտի շարունակէ իր հետեւողական աշխատանքները:

ԱԳՆ-էն յայտնած են, որ ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Դումանեան նիստի մասնակիցներուն ներկայացուցած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի յուշարձաններու եւ թանգարաններու պաշտպանութեան ուղղութեամբ գերատեսչութեան կողմէն իրականացուող աշխատանքները: Նախարար Դումանեան յայտնած է, որ համապատասխան միջազգային հարթակներու եւ գործընկերներու հետ շփումներուն մշտապէս վեր առնուած է համամարդկային արժէքներ հանդիսացող հայկական մշակութային արժէքներու անվտանգութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորման հարցը:

Հանդիպումի ընթացքին մասնակիցները միտքեր  փոխանակած են յանձնաժողովի նիստի օրակարգին մէջ ներառուած ծրագիրներու իրականացման  շուրջ: