ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը,երկրին մէջ ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակէն մեկնելով, կը շարունակէ իր մարզային հանդիպումները:

7 Ապրիլին նման հանդիպում տեղի ունեցած է Կիւմրիի մէջ, ուր ՀՅԴ ՀԳՄ անդամներ Արթուր Խաչատրեան, Լիլիթ Գալստեան եւ Յակոբ Մաթիլեան հանդիպած են ՀՅԴ Շիրակի մարզային կառոյցի անդամներուն եւ համակիր քաղաքացիներուն հետ:

Հանդիպումին քննարկուած են հրատապ  շարք մը հարցեր: