«Երկիր».- ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցին մէջ ըսաւ, որ աշխարհի 30 երկիրներէն ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններու անդամներ այս պահուն Արցախի մէջ են եւ  ծրագիրներ  կ’իրականացնեն Արցախի վերականգնման նպատակով:

ՀՅԴ  աշխատանքները Արցախի մէջ կամաւորական ու մարդասիրական են եւ որեւէ մէկը չի կրնար արգիլել նման գործունէութիւն, որ ամրագրուած է նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ձեւաչափերով:

Ան, սակայն, դիտել տուաւ, որ որոշ դժուարութիւններ կան Արցախ մուտք գործելու ընթացքին․ «Գոյութիւն ունի նոր ընթացակարգ, որուն համաձայն պէտք է դիմեն, ստանան համաձայնութիւն ռուս խաղաղապահներէն, երբեմն որոշ դժուարութիւններ կ’ունենանք, բայց այդ  ուրիշ հարց մըն  է․լուրջ վտանգ ու սպառնալիք է Արցախի եւ արցախահայութեան ազգային անվտանգութեան, որովհետեւ եթէ այսպէս շարունակուի Արցախը, ի վերջոյ, պիտի մեկուսանայ ողջ սփիւռքահայութենէն, որոնք ունին օտարերկրեայ քաղաքացիութիւն: Եւ առհասարակ արտաքին աշխարհին հետ շփումը ոչ թէ պիտի սահմանափակուի, այլ ընդհանրապէս պիտի կտրուի»:

Արցախ մուտք գործելու համար խրագիրի իւրաքանչիւր մասնակիցին համար նախապէս կը զգուշացնեն, որ խօսքը մարդասիրական աշխատանքներուն կը վերաբերի, մուտքը արտօնուած ըլլայ եւ, Արշակ Մեսրոպեանի խօսքին համաձայն, մինչեւ օրս որեւէ հարցի առջեւ չեն կանգնած:

Որոշակիօրէն իրենց աշխատանքներուն հանդէպ ատրպէյճանցիներու հակազդեցութիւնը եւս առայժմ չկայ, բայց, Արշակ Մեսրոպեանն ըսած է. «Ատրպէյճանցիները արցախեան անցուդարձին քաջատեղեակ են, շատ ուժեղ հետապնդումներ կ’իրականցնեն եւ յստակօրէն կը տեսնեն ամէն ինչ: Պարզապէս, իրենց պարագային, խօսքը մարդու հիմնական իրաւունքներուն մասին է, այնպէս որ, որեւէ ձեւով ատրպէյճանցիները իրաւունք չունին խոչընդոտելու նմանատիպ աշխատանքները:

Արցախի իշխանութիւնները պէտք չէ իրենց թոյլ տան ՀՅԴ աշխատանքները Արցախի մէջ քաղաքականացնել` շեշտած է Արշակ Մեսրոպեան,  այս իրավիճակին, երբ ազգը կը կործանուի, փոխանակ քաղաքական հաշուարկներ ընելու եւ այդ շահերը աւելի առաջնահերթ դասելու, պէտք է բոլորը միատեղ կեդրոնանան Արցախը վերականգնելու գործին:

Արշակ Մեսրոպեան ըսած է` Արցախի անվտանգութիւնը որոշ հարցերու մէջ շաղկապուած է իրենց բոլոր նախաձեռնութիւններուն հետ, որովհետեւ տնտեսական բաղադրիչը եւ հասարակութիւնը հզօրցնելու առաքելութիւնը  անվտանգութեան տարր կը  պարունակեն:

Պատերազմէն վերջ Արցախի մէջ խնդիրները լուրջ են թէ՛ ընկերային-տնտեսական, թէ՛ անվտանգային առումով եւ արտագաղթի սպառնալիք կայ: Այս հարցը կարգաւորելու համար է ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը, որ ՀՅԴ աշխարհասփիւռ երիտասարդական, ուսանողական, պատանեկան միութիւններուն աշխատանքները համակարգող գործադիր գրասենեակն է եւ աշխարհով մէկ ունի մօտ 30 տարբեր երկիրներու մէջ ներկայութիւն, համադրաբար աշխատանք կը ծաւալեն Արցախի մէջ:

Յետպատերազմեան առաջնահերթութիւնները ՀՅԴ երիտասարդականին համար պայքարի երկու ուղղութիւններով է` Երեւանի մէջ ներքաղաքական ճգնաժամի յաղթահարման ուղղուած գործընթացները, որպէսզի պարտուած, ձախողած եւ դաւադիր իշխանութիւնները հեռացուին, եւ երկրորդ ուղղութիւնը` Արցախի վերականգնման ու զարգացման ուղղուած աշխատանքները:

Գործուղուած ՀՅԴ-ականները Արցախի մէջ 4 ուղղութիւններով  ծրագիրներ կ’իրականցնեն` բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւն արցախցիներուն, պատանիներուն յետպատերազմական ճնշուած հոգեբանութենէն դուրս բերելու աշխատանք, մասնագիտական դասընթացներ եւ կամաւորներու ծառայութիւններ տարբեր հաստատութիւններու մէջ:

«Հայրենիքը կը պահեն հոն ապրելով, արարելով, ստեղծագործելով, իսկ արարելու աշխատանքը ապահովելու համար կազմակերպեցինք դասընթացներ 12-15 տարբեր թեմաներով: Այս նիւթերը ընտրուած են մեր ուսումնասիրութիւններուն հիման վրայ` այսօրուան Արցախը ինչի կարիք ունի, հեռանկարային ոլորտներու մասին է խօսքը, որ թէ՛ երիտասարդը օգտուի փոքր վաճառականութիւն հիմնելով, եւ նաեւ աշխատելով օգնէ հայրենիքին: Արդէն կատարեցինք  դասընթացներ` ինչպէս թուայնացնել առեւտուրը, առեւտուրի կառավարում, նախահաշուի ձեւաւորում եւ այլն, շուտով պիտի կատարենք  բջիջային հեռախօսներու հաւելուածներու մշակման դասընթաց, նորարարական գիւղատնտեսութիւն, որովհետեւ պատերազմի հետեւանքով կորսնցուցած ենք վարելահողերու եւ արտվայրերու 75 տոկոսը, եւ հիմա պէտք է կարենանք քիչ տարածքի վրայ շատ բերք ստեղծել»,մանրամասնեց Արշակ Մեսրոպեան:

Ծրագրի երկրորդ փուլով լաւագոյնները կը մասնակցին հարթակի, ուր առաջին փուլով իրենց ձեւաւորած առեւտուր-ծրագրերը կը ներկայացնեն արտերկրէն ժամանած ներդրողներու, եւ ներդրողները կը տնտեսաւորեն անոնց ծրագիրները:

Կամաւորական ծառայութիւնները Արցախի տարբեր հաստատութիւններու մէջ` հիւանդանոցներու մէջ, վերականգնողական կեդրոններու մէջ եւս մեկնարկած են․ այս պահուն Լիբանանէն ժամանած ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամներէն մէկը մօտ մէկ ամիս կամաւորական ծառայութիւն  մատուցած վերականգնողական կեդրոնին մէջ, մինչեւ Մայիս կ’աշխատի եւ կը վերադառնայ Լիբանան, կան ԱՄՆ-էն եկած, Հայաստանէն եկած կամաւորներ, որ տարբեր ուղղութիւններով ծառայութիւնններ կը մատուցեն:

Արշակ Մեսրոպեան կ’ըսէ` տեղւոյն բնակչութիւնը խիստ ջերմ  ընդունած է դաշնակցական կամաւորները` արցախեան ընդգծուած հիւրասիրութեամբ:

Աննա Բալեան