Թրքական մամուլին մէջ աշխուժօրէն կը քննարկուի 24 Ապրիլին ընդառաջ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին հաւանականութեան նիւթը: Այս առնչութեամբ ուշագրաւ յօդուած պատրաստած է թրքական «Milliyet» թերթի սիւնակագիր Ալի Չընարը: Վերջինս, յղում կատարելով Սպիտակ տան իր աղբիւրներէն ստացած տեղեկատուութիւնները, յայտնած է, որ Պայտըն ցեղասպանութիւնը չճանչնալու պատճառ չունի: Ան յիշեցուցած է, որ Պայտըն քարոզարշաւի ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խոստում տուած է, իսկ ծնունդով Քալիֆորնիոյ նահանգէն (ուր մեծ է հայկական Սփիւռքի ազդեցութիւնը) փոխնախագահ Քամալա Հարիսի դիրքորոշումը այս հարցով յըստակ է: Չընար, յիշեցնելով, որ ԱՄՆ-ի 50 նահանգներէն 49-ը ճանչցած են ցեղասպանութիւնը, փորձած է կանխատեսել, թէ ինչ կրնայ ըլլալ կառավարութեան ճանաչումէն վերջ: Այս հարցին շուրջ ան զրուցած է թուրք-ամերիկեան համայնքի ղեկավար Էրկուն Քըրլըքովալըի հետ, որ նկատած է թէ նման որոշումէ վերջ կրնան վերաբացուիլ ամերիկեան դատարաններուն մէջ քննուած շարք մը դատական գործեր, որոնց պարագային նախապէս որոշումներ առնուած են ոչ հայերու օգտին: Յատկապէս կառավարութեան ճանաչումով ասպարէզէն դուրս կու գայ այն հիմնաւորումը, որով ֆետերալ դատարանները կրնային մերժել հայերուն ներկայացուցած տարբեր փոխհատուցումներու դիմումները հակառակ նահանգային դատարաններուն՝ առած հակառակ որոշումներուն: Այսպիսով հայերը կրնան նախապէս պարտուած դատավարութիւնները վերաբանալ: Քըրլըքովալըի խօսքին համաձայն, հայերը տարբեր լրատուամիջոցներով պիտի սկսին «Նախագահը ճանչցած է» ցոյցը՝ կրկին բարձրաձայնելով տարածքային պահանջները եւ նիւթական փոխհատուցման հարցերը: «Ճիշդ է, անոնք իրաւական հետեւանքներ չեն ունենար, բայց կը շարունակեն Թուրքիան նեղը դնել: Աւելին, թրքական ծագումով ամերիկացիներուն դէմ ատելութեան խօսքը կրնայ բռնութեան դրսեւորումներ ունենալ: Այս ճանաչումը օգտագործելով՝ նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դէմ պատերազմ կրնան սկսիլ (առեւտուրի, կրթութեան, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու մէջ: Ատրպէյճանն ալ իր բաժինը պիտի ստանայ», ըսած է ԱՄՆ-ի թրքական համայնքի ղեկավարը: