«Ապառաժ».-9 Ապրիլին Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ համայնքին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի, Լիբանանի եւ ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութիւններու գործակցութեամբ իրականացուող ճամբարի փակման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Դաւիթ Իշխանեան, Վահագն Դադայեան, ԱՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեան, ՀՅԴ Ասկերանի կոմիտէի անդամներ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան, ՀՅԴ անդամներ, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամներ, նորագիւղցիներ :

Փակումին լոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Ասկերանի կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալէօշայ Գաբրիէլեան, որ ողջունելով ներկաները կարեւոր համարեց նման ճամբարներու կազմակերպումը` յատկապէս այս դժուար իրավիճակին մէջ: Ան խորհուրդ տուաւ պատանիներուն չվհատիլ եւ հպարտ ըլլալ, որ եռագոյնին տակ  այսօր կրնան իրենց դաստիարակութիւնը ստանալ: Ան համոզուած է, որ այս տղաքն են, որ վաղը արիապէս զարգանալով պիտի պաշտպանեն մեր հողը, աղջիկներն են, որ ունենալով լաւ ընտանիքներ, բազում երեխաններ պիտի պահեն ազգային դիմագիծը: Ա. Գաբրիէլեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն, որոնք կրցան հասնիլ Արցախ եւ կազմակերպել այսպիսի մեծ ճամբար, դպրոցի տնօրէնին` գործակցութեան համար, նորագիւղցիներուն, որ վաղուան նկատմամբ  իրենց հաւատքը չեն կորսնցուցած:

ԱՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեան նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն:

Կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն ողջոյնի խօսք  յղած է նաեւ Նորագիւղի Վիտալի Պետրոսեան անուան դպրոցի տնօրէն Էրիկ Վարդանեան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակին, Երիտասարդական Միութիւններուն, վարիչներուն, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն:

Ճամբարի փակման արարողութեան մասնակիցները հանդէս  եկած են գեղարուեստական ծրագիրով, որ սկսած են ՀՀ եւ ԱՀ օրհներգներով, ՀՅԴ քայլերգով:

Պատանիները արտասանած են, երգած են հայրենասիրական երգեր, պարած են ազգային պարեր, նուագած են երաժշտական գործիքներով:

Պատանիներուն ծնողները նուէրներ  փոխանցած են վարիչներուն եւ յոյս յայտնած են, որ նմանատիպ ճամբարներ աւելի յաճախակի պիտի կազմակերպուին:

Աւարտին դպրոցի տնօրէնը շնորհակալագիր  փոխանցած կազմակերպիչներուն, իսկ կազմակերպիչները դպրոցին նուիրած  են ՀՅԴ զինանշանը: