«Արմէնփրէս».- Greek City Times-ը կը տեղեկացնէ, որ Կիպրոսի մէջ փոքր այգի  տնկուած է Արցախի դէմ Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ Ատրպէյճանին սանձազերծած պատերազմին հետեւանքով զոհուած հայերու յիշատակին:

Նախաձեռնութեան հեղինակները կիպրական «Սօլիտարութիւն Շարժում» կուսակցութեան անդամներն են`   կուսակցութեան ղեկավար Էլենի Թէոխարիուսի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ Սթրովոլոսի քաղաքապետ Անդրէաս Փափաչարալամպուսը: Այգիին մէջ ծառեր տնկելու մասնակցած են նաեւ Կիպրոսի հայկական համայնքի անդամները:

Արարողութեան մասին Եւրոխորհրդարանի նախկին պատգամաւոր  Թէոխարիուսը հայերէն գրառում  կատարած է թուիթերեան իր միքրոպլոկին մէջ: