Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան 82-ամեայ Արման Նաւասարդեան երէկ իր մահկանացուն կնքեց:

Արման Նաւասարդեան ծնած է Երեւան 6 Ապրիլ 1939-ին: Ուսանած է Վալերի Բրիւսովի անուան պետական լեզուաբանական համալսարանին մէջ 1956-էն 1960-ին, Խորհրդային Միութեան արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական ակադեմիային մէջ 1974-էն 1976, այնուհետեւ նաեւ 1988-էն 1989-ին:

Խորհրդային տարիներուն դիւանագիտական տարբեր պաշտօններ ունեցած է Ալճերիոյ եւ Սենեկալի մէջ, իսկ 1989-1990-ին Խորհրդային Միութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ աշխատանքի կազմակերպման վարչութեան պետն էր: Արման Նաւասարդեան 1991-էն 1993 նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար, իսկ 1993-էն 1998 նշանակուած է Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աւստրիոյ մէջ համատեղութեան կարգով Հունգարիոյ մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ ԵԱՀՄ-ի եւ ՄԱԿ-ի Վիեննայի գրասենեակին մէջ: Այնուհետեւ 1998-էն 2001 եղած է Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը Լիբանանի մէջ: 2013-էն սկսեալ Արման Նաւասարդեան Հայ-ռուսական համալսարանի իրաւունքի եւ քաղաքականութեան հիմնարկի միջազգային յարաբերութիւններու եւ համաշխարհային քաղաքականութեան ամպիոնի վարիչն էր: Ունէր արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան: Կը տիրապետէր ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն: