Կիրակի, 12 Ապրիլ 2021-ին, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան դիմատետրի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 3 Ապրիլ 2021-ին, Սուրիոյ Կրթութեան նախարարութեան 943/1195 թուակիր որոշումին առաջին յօդուածին մէջ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ, ըստ որուն մանկապարտէզի կարգերը կը բացառուին դպրոցներու փակումի որոշումէն եւ կը շարունակեն 2020-2021 ուսումնական իրենց տարեշրջանը։ Դասաւանդութեան առարկաները ամբողջութեամբ կը կիրարկուին ըստ ծրագիրին, առանց փոփոխութեան ենթարկուելու։
Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութիւններուն նախարարութեան յայտարարած պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշացման բոլոր միջոցները որդեգրելու, որպէսզի կարելիութեան սահմաններուն մէջ աշակերտները հեռու պահուին վարակէն։