Կ’ըսեն թէ անյաղթ հերոս քաջ Նազարին  շառաւիղները Սուրիա հասած են: Անոնք Նազարին դրօշը՝ իրենց միակ ոգեղէն հարստութիւնը, բարձրացուցած քաղաքէ-քաղաք կը շրջին ու իրենց քաջագործութիւնները կը պատմեն եղեր: Մերթ ընդ մերթ հայհոյանքներ ալ դուրս կուտան: Այլապէս ինչպէ՞ս զարտուղի պիտի ըլլային եւ ամբոխին ուշադրութեան արժանանային: Տղամարդ են, չէ՞ վերջապէս: Հայհոյանքն ալ նոր օրերու բարեմասնութիւն կը համարուի, պարոնա՛յք:
Քաջ Նազարի շառաւիղները իրենց մտքին գոհարները կը հրամցնեն դիմատետրի իրենց էջով ալ: Անոնք ազգասիրութեամբ տոչորուած մերթ կը գովեն հայոց լեզուն, առանց բառ մ’իսկ ճիշդ ուղղագրութեամբ գրելու, արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը, գրաբարն ու աշխարհաբարը զանազանելու, աբեղ-ցբեղ գրառումներ կատարելով:
-Ի՞նչ վնաս ունի,- կ’ըսեն անոնց հետեւորդները,- կարեւորը զգացումներն են՝ սիրել, հպարտանալ, ներբողել… բաւարար չե՞ն միթէ: Ճիշդ թէ սխալ, խօսք թող ըլլայ…:
Ու հաւանութեան կամ սրտիկի մը նշանը կը տեղադրեն անոնց գրառումին տակ, որպէսզի նազարները թեւեր առնեն ու թռչին իրենց դրօշին հետ:
Իսկապէս ալ թեւեր կ’առնեն… տեղ-տեղ իրենց անօգուտ ներկայութիւնը զգալի դարձնելու համար հռետորութեան ալ կը սկսին, կոչ կ’ուղղեն քաջագործութեան՝ «ջարդե՛նք, փշրե՛նք թշնամին, սպանե՛նք, մաքրե՛նք դաւաճանները» կ’ըսեն, «հէյ-հէ՜յ, լսող չկա՞յ» իրենց տաքուկ բնակարաններէն կը գոռան: Ու իրենց նեղլիկ միջավայրն իսկ պահել չկարենալով, հայրենիք պահելու մասին յորդորներ կը կարդան:
Մերթ կը դառնան քաղաքագէտ, մերթ զինուորական, մերթ ուսուցիչ ու մտաւորական… եւ ահա օգնութեան կը հասնին իրենց սորված երգերը… «Մենք քաջ տոհմի զաւակներ ենք, չենք վախնար… Մանր-մունր փորձանքներէն չենք փախչիր…»: Սակայն լուրջ վտանգի մը պահուն չենք տեսներ նազարները, ո՛չ պատերազմի դաշտին վրայ զոյգ հայրենիքներէն գոնէ մէկուն մէջ, ոչ ալ տաժանակիր, բայց ցուցականութենէ զուրկ աշխատանքներու պահուն:
Բայց երբ կուգայ պահը խօսքին ու քարոզին, նազարներն են փրկութիւնը իրենց ստեղծած կեղծ աշխարհին: Անոնք կ’ունենան քաջութիւն, խելք ու հանճար, որոնք բոլորը գումարած զիրենք զարմանալիօրէն կը դարձնեն անճար: Քաջ Նազարին բա՞խտը չունին, թէ ժանգոտած է սուրը իրենց ու հատու չէ մէկ զարկով հազար ճանճ ջարդելու… ո՞վ գիտէ:
Օր մը անպայման կը հանդիպիք Նազարի շառաւիղներուն: Անոնք աչքի կը զարնեն իրենց լուրջ արտաքինով ու հագուկապով: Թեթեւամիտ չեն, չեն ժպտիր հաւանաբար ձեզի բարեւած պահուն: Անոնք լուրջ մարդիկ են վերջապէս, նպատակի մը համար աշխարհ եկած աննպատակ կեանք կը վարեն:
Փշակն