-Սաթի՛կ, գաւաթ մը ջուր:
Հայրս է:  Ան երբ գործէն՝ պարտէզէն տուն կը վերադառնար, իմ ձեռքէն գաւաթ մը ջուր կ’ուզէր:   Զինք չէր հետաքրքրեր, թէ ես ինչ կ’ընեմ այդ պահուն, կը խաղամ, թէ գիրք կը կարդամ, կամ ուրիշ բանով մը զբաղ եմ: Երբ փոքր էի,- ինչու անկեղծ չըլլամ, – քիչ մը դժկամութեամբ կը կատարէի իր պատուէրը: Մտքէս կ’ըսէի՝ «Հայրս միշտ կ’ուզէ զիս յոգնեցնել եւ զիս հանգիստ չի ձգեր»:
Երբ քիչ մը ուշանայի կը կանչէր.
-Սաթի՜կ, ուր մնաց ջուրս:
-Է՜հ հայրիկ, ջուրը կը հոսի ծորակէն, կրնաս երթալ եւ խմել,- կ’ըսէի միտքէս: Քիչ մը տրտնջալով, քիչ մը սիրով, անձայն կը ձգէի ինչ որ կ’ընէի, գաւաթը կը լեցնէի եւ  կը տանէի.
-Հրամմէ՛, Հայրի՛կ:
Հայրս գաւաթը կ’առնէր ձեռքէս, աչքերուս  կը նայէր, թեթեւ մը կը ժպտէր, մէկ անգամով ջուրը կը խմէր եւ կ’ըսէր.
-Շնորհակալ եմ:
* * *
Տարիներ անց՝ աւելի խելահաս եմ: Կը տեսնեմ հայրս օրական ինչպէս ժրաջան կ’աշխատի՝ մօրս եւ զիս ուրախ եւ ապահով  պահելու համար: Կը վերյիշեմ այն օրերը, երբ աւելի փոքր էի, ինչպէս իրեն գաւաթ մը ջուր տանելու համար կը դժկամէի: Հիմա պարմանուհի եմ: Երբ հայրս ջուր ուզէ՝ ամենայն սիրով եւ առանց տրտնջալու  իրեն ջուր կը բերեմ, որովհետեւ գաւաթ մը ջուր տանիլս, հօրս այնքան աշխատանքին դիմաց, ոչինչ է:
Ժ. կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան
Սաթիկ-Արմիկ Սահակեան