«Հորիզոն».-Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը 16 Ապրիլ  թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը հաստատէ, որ Քանատայի Ալպերթա Նահանգի օրէնսդիր ժողովը վաւերացուցած է օրինագիծ մը, որով նահանգի խորհրդարանը միաձայնութեամբ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այլ ցեղասպանութիւններ, միաժամանակ, նահանգային կառավարութիւնը Ապրիլ ամիսը յայտարարեց որպէս ցեղասպանութեանց յիշատակման, դատապարտման եւ կանխարգիլման ամիս:

Թիւ 205-րդ օրինագիծը, զորս հովանաւորած էր Ալպերթայի Միացեալ Պահպանողական կուսակցութեան պատգամաւոր Փիթըր Սինգը, ընդունուեցաւ 22 Մարտ 2021-ին կայացած նահանգային խորհրդարանի նիստին երրորդ ընթերցումէն ետք եւ 26 Մարտին ստացաւ վերջնական վաւերացում՝ ըստ օրէնսդրութեան:

Օրէնքի նախագիծը, որ կը կոչուի «Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման, դատապարտման եւ կանխարգիլման ամսուան մասին օրինագիծ», կը խրախուսէ Ալպերթայի կառավարութեան ցեղասպանութեան պատճառները կանխելու եւ անոնց դէմ պայքարի ռազմավարութիւններ մշակելու։

Օրինագիծը յատուկ կ՚ընդգէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. ուքրանական սովասպանութիւնը, հրէական ողջակիզումը, Ռուանտայի թութսի փոքրամասնութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը, Սրեպրենիցայի սպանդը, ինչպէս նաեւ Եզիտիներու եւ ռոհինգիաներու ցեղասպանութիւնները։

Քաատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, որ գոհ է օրինագիծ 205-ի ընդունմամբ եւ իր խոր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Ալպերթա նահանգի վարչապետ Ճէյսըն Քէնիին, պատգամաւոր Փիթըր Սինգհին եւ Ալպերթայի խորհրդարանի բոլոր պատգամաւորներուն՝ իրենց սկզբունքային դիրքորոշման եւ ճշմարտութեան եւ արդարութեան հանդէպ իրենց անսասան նուիրուածութեան համար: