«Արմէնփրէս».-Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ 15 Ապրիլին դեսպան Վիքթորիա Նուլընտի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու տեղակալի պաշտօնին հաստատման լսումներու ընթացքին Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պոպ Մենենտես բարձրացուցած է հայ ժողովուրդին, ներառեալ` հայ ռազմագերիներուն վերաբերող առանցքային հարցեր:

Մենենտես յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է ճնշում գործադրէ Ատրպէյճանին վրայ, որպէսզի Ատրպէյճանը ազատ արձակէ ռազմագերիները:

Լսումներու ընթացքին ծերակուտական Մենենտես խօսած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Արցախին տրամադրուող մարդասիրական օգնութեան կարեւորութեան եւ հրատապութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրենց տուներէն տեղահանուած հայերուն համար անհրաժեշտ օգնութեան ապահովման կարեւորութեան մասին:

Վիքթորիա Նուլընտ իր կարգին լիովին համաձայնութիւն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ պարտաւոր են մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել Արցախին, ներառեալ` ականազերծման աշխատանքներու իրականացումը, ինչպէս նաեւ ապահովել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը: