Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին բերումով երեք անգամ յետաձգուելէ ետք, Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը դասական եւ ժողովրդային երգացանկով ծաղկեցուց մեր բեմը ու գեղարուեստական իւրայատուկ ոճ ու ճաշակ հրամցուց հալէպահայ հանդիսատեսին։
Խմբավարութեամբ տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ օր. Ռուզան Պարսումեանի եւ տիկ. Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի, «Զուարթնոց» երգչախումբը ներկայացուց Կոմիտասի, Գառլ Օրֆի, Ազնաւուրի, Մարթին Ահարոնեանի եւ այլ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններ։
Մանրամասնութիւնները՝ «Գանձասար»ի Ապրիլ Դ. Համարով։