Հայաստանի պատկերասփիւռի կայանէ մը 19 Ապրիլին հաղորդուեցաւ հետեւեալ լուրը:
Տարի մը առաջ, Ապրիլի վերջերուն, ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով, Վահէ անունով մանչուկ մը, ծանրօրէն վիրաւորուած (վտանգաւոր այրուցքներով), հիւանդանոց փոխադրուած է: Անոնց ընտանեկան ինքնաշարժը ճամբէն դուրս եկած էր եւ փոսի մը մէջ ինկած. ամէնէն ծանր վնասները կրած էր Վահէն:
Առաջին ակնարկով, բժիշկներ ու մասնագէտներ մանուկին վիճակը նկատած են անյոյս, սակայն մայրն ու այլ բժիշկներ յոյսը չեն կտրած: Տարի մը ետք, շնորհիւ բժիշկներուն մասնագիտական խնամքին եւ մօր անսասանելի հաւատքին, հիմա 8 տարեկան Վահէն արդէն ոտքի կանգնած է եւ նոյն օրը, քալելով (յենակի մը կռթնած) տուն վերադարձած է: Ան տակաւին կարիքն ունի յաւելեալ խնամքի, սկսելու համար՝ ձայնալարերուն վերականգնումին: Դարմանողները վստահաբար ուրախ են եւ վարձատրուած կը զգան (առանց… պարգեւավճարի):
Հաղորդավարը նկատել տուաւ, որ մանուկին դէմքին վրայ մէկ տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ժպիտ մը ուրուագծուած է…:
***
Աւելի քան 6 ամիս առաջ, Հայաստան-Արցախ հայրենիքը ահաւոր արկածի մը մատնուեցաւ եւ ինկաւ թուրք-ազերիներուն սանձազերծած պատերազմին փոսին մէջ: Հայրենիքը ունեցաւ ծանր վնասներ՝ զոհեր, վիրաւորներ եւ քանդումներ:
Մեր հայրենիքին վիճակը բաւական նման է Վահէ անուն մանուկին: Անիկա կը կարօտի մայրական խնամքի (Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն), քաջալերանքի, ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄի:
Վահէն մէկ տարուան պէտք ունեցաւ, որպէսզի կարենայ ոտքերուն վստահելով տուն վերադառնալ: Հայրենիքը հաւանաբար աւելի ժամանակի պիտի կարօտի, սակայն անկասկած որ պիտի վերականգնի եւ իր ուղին պիտի շարունակէ առանց յենակի…

Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ
19 Ապրիլ 2021