ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին նախաձեռնութեամբ, 20 Ապրիլին Առնօ Պապաճանեան համերգասրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Դարերու Վրէժը» խորագիրով պատմագեղարուեստական երեկոն` նուիրուած «Նեմեսիս» գործողութեան 100- ամեակին եւ Հայ Դատի արդար պայքարի միւս մարտիկներուն: Ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ան արժեւորեց Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչները հրապարակային պատժելու գործողութիւնը ու նկատեց, որ հայ ազգի վրէժի ու հայրենիքի կարօտի ընթացքը կը շարունակուի նաեւ այսօր: Երեկոյի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Դրաստամատ Կանայեանի թոռնուհին` Իրինա Կանայեան: Ան ներողութիւն խնդրեց, որ վարժ չէ հայերէն խօսելու, որովհետեւ ծնած է Սիպիրի մէջ, ուր աքսորած են Դրոյի ընտանիքը: Դրոյի թոռնուհին ըսաւ, որ ընտանիքին մէջ պահպանուած է Դրոյի որոշ նամակներ, նկարներ, իրեր: Նամակներէն որոշ հատուածներ ան կարդաց բեմէն: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ հայ վրիժառու Արտաշէս Գէորգեանի թոռ Արմէն Գէորգեան: Արտաշէս Գէորգեանի 21 Յուլիսի 1922-ին իր ընկերներ Պետրոս Տէր-Պօղոսեանի եւ Ստեփան Ծաղիկեանի հետ Թիֆլիսի մէջ սպանած է Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր յանցագործներէն մէկը` Օսմանեան կայսրութեան ռազմածովային նախարար Ճեմալ փաշան: Երեկոյի ընթացքին տեղի ունեցաւ «Նեմեսիս»-ին եւ Լիզպոնի գործողութիւններուն նուիրուած դր ֆիլմերու ցուցադրումը, ներկայացուեցան յուշեր, հնչեցին հայրենասիրական ստեղծագործութիւններ, ինչպէս նաեւ ընթերցուեցաւ Դրաստամատ Կանայեանի անտիպ նամակը: