20 Ապրիլ 2021-ին «Նեմեսիս» գործողութեան 100-ամեակին եւ Հայ Դատի արդար պայքարի մարտիկներուն նուիրուած` «Դարերու Վրէժը» խորագիրով պատմագեղարուեստական երեկոյին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէրխաչատուրեան հանդէս եկաւ ելոյթով: Ելոյթին մէջ ան արժեւորեց Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչները հրապարակային պատժելու գործողութիւնը ու նկատեց, որ հայ ազգի վրէժի ու հայրենիքի կարօտի ընթացքը կը շարունակուի նաեւ այսօր: