ԱՄՆ քոնկրէսական Ատամ Շիֆ բաց նամակով դիմած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին` կոչ ուղղելով կատարելու նախապէս տուած իր խոստումը եւ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Պարոն Նախագահ, Ընդամէնը հինգ օր յետոյ աշխարհը պիտի յիշատակէ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը. 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան կողմէն 1,5 միլիոն հայ կանանց, տղամարդկանց եւ երեխաներու սպանութեան եւ տեղահանման գործընթացը: Ձեր նախագահութեան առաջին 24 Ապրիլն է եւ Ձեր առաջին առիթը ` հետեւելու ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ձեր խոստումը: Հարիւր հազարաւոր ամերիկահայերու ցեղասպանութիւն վերապրած երեխաներու ու թոռներու ու ծոռներու անունով ես կը խնդրեմ Ձեզմէ. իրականացուցէ՛ք Ձեր խոստումը, ճանչցէ՛ք Հայոց Ցեղասպանութիւնը», գրած է Շիֆ: Ցեղասպանութիւնը անցեալի հարց չէ, այսօրուան հարց է: Եւ վտանգ է այսօր Արցախի մէջ, ուր Թուրքիան աջակցեցաւ Ատրպէյճանին հայերու դէմ պատերազմ սանձազերծելուն` սպառնալով հերթական կարելի ցեղասպանութեամբ:Ցեղասպանութեան ժխտումը հայհոյանք է, իսկ Էլի Վիզելի խօսքերով` «կրկնակի սպանութիւն» է: Մենք պէտք չէ դիմենք կիսաճշմարտութիւններու. 1.5 միլիոն հայերու սպանութիւնը վայրագութիւն էր, ի հարկէ, ճիշդ է, բայց աւելին էր: Ժողովուրդ մը եւ մշակոյթ ոչնչացնելու ձգտումը այլ տեսակի չարիք է, եւ միայն Ռաֆայէլ Լեմքինի տուած «ցեղասպանութիւն» եզրոյթն է, որ այս պարագային պէտք է նկարագրէ այդ չարիքը, ըսած է Շիֆ եւ աւելցուցած. «Միլիոնաւոր հայեր Երեւանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, իմ տասնեակ հազարաւոր ընտրողներ, պարոն Նախագահ, այս շաբաթուան վերջը կը փնտռեն Ձեզ` տեսնելու արդեօք կը միանա՞ք Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Եւրոմիութեան, Վատիկանի առաջնորդներուն եւ ԱՄՆ 49 նահանգին: Իմ խորին ցանկութիւնն է, որ Դուք բարձրաձայնէք ճշմարտութիւնը իր ողջ սարսափով եւ ճանչնաք Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: