Երեքշաբթի, 20 Ապրիլ 2021-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Ռաքքայի հիւսիսային արուարձանին մէջ, թրքական սահմանին մօտ կայք հաստատած թրքական ուժերը բազմաթիւ հրթիռներ արձակեցին Ռաքքայի Սայտա եւ Այն Իսսա գիւղերուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով քաղաքացիներ վիրաւորուեցան եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան։