Երեքշաբթի, 20 Ապրիլ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հրապարակեց 2021-ի -126- թուակիր հրամանագիրը, որուն համաձայն Սուրիոյ Կեդրոնական Դրամատան տնօրէն կը նշանակուի դոկտ. Մուհամմէտ Իսամ Հազիմէ։ Նախօրօք, նախագահ Ասատ հրամանագիրով պաշտօնանկ ըրած էր Սուրիոյ Կեդրոնական Դրամատան նախկին տնօրէն Հազէմ Քարֆուլը։