Երեքշաբթի, 20 Ապրիլ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղ Սահմանադրական բարձրագոյն դատարանէն տեղեկացաւ, որ Ֆաթէն Ալի Նահար Սուրիոյ նախագահութեան պաշտօնին իր թեկնածութիւնը առաջադրած է։ Յիշենք, որ Կիրակի, 18 Ապրիլ 2021-ին, Սապպաղ յայտարարեց, թէ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածութեան արձանագրութիւնը կը սկսի Երկուշաբթի, 19 Ապրիլ 2021-ին, մինչեւ յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 28 Ապրիլ 2021։