Չորեքշաբթի, 21 Ապրիլ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղ Սահմանադրական բարձրագոյն դատարանէն տեղեկացաւ, որ Պաշշար Հաֆէզ ալ Ասատ, Մուհաննատ Նատիմ Շաապան եւ Մուհամմէտ Մուաֆֆաք Սուան Սուրիոյ նախագահութեան պաշտօնին իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են։ Սապպաղ յայտնեց, որ մինչեւ օրս Սուրիոյ նախագահութեան պաշտօնին առաջադրուած են 6 թեկնածուներ , որոնք են.- Ապտուլլահ Սալլում Ապտուլլահ, Մուհամմէտ Ֆիրաս Ռաճճուհ, Ֆաթէն Ալի Նահար, Պաշշար Հաֆէզ ալ Ասատ, Մուհաննատ Նատիմ Շաապան եւ Մուհամմէտ Մուաֆֆաք Սուան։ Յիշենք, որ Կիրակի, 18 Ապրիլ 2021-ին, Սապպաղ յայտարարեց, թէ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածութեան արձանագրութիւնը կը սկսի Երկուշաբթի 19 Ապրիլ 2021-ին, մինչեւ յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 28 Ապրիլ 2021։