23 Ապրիլին ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը յայտարարութիւն տարածած է.

 «Վերջին շրջանին Ատրպէյճանի իշխանութիւններու գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները կը յարուցեն մեր ժողովուրդի արդարացի զայրոյթը: Պատերազմի ելքը Ալիեւի համար պատեհ առիթ  դարձած է` հայատեացութեան նոր նշաձողեր սահմանելու, մեր ժողովուրդի ազգային ինքնասիրութիւնը ոտնահարելու փորձեր կատարելու եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը կասկածի տակ դնելու: Պաքուի քաղաքական վարքը, որ մեծապէս ազդուած է Թուրքիոյ կեցուածքէն, անվերադարձելիօրէն հատած է բոլոր կարմիր գիծերը` ստիպելով մեր ժողովուրդին ուժերը միաւորելու` ապահովելու հայրենիքի անվտանգութիւնը առկայ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը: Ատրպէյճանաթրքական սպառնալիքները լիովին տեղաւորուած են նաեւ ցեղասպանական մտադրութիւններու մէջ` արտայայտուելով հայ ժողովուրդը իր բնօրրանէն զրկելու եւ անոր  տիրանալու անթաքոյց նկրտումներով:

Ղարաբաղեան առաջին պատերազմին կրած պարտութենէն բարդոյթաւորուած` Ատրպէյճանի պահուածքը կը յիշեցնէ ոչ թէ պատերազմի յաղթանակած կողմը, այլ մարդկութեան նկատմամբ հերթական յանցագործութենէն իրականութեան զգացումը կորսնցուցած տուեալը:

Վերջերս Պաքուի մէջ բացուած «Ռազմական Աւարի Պուրակը» մարդատեացութեան եւ բանականութեան խեղման այնպիսի  դրսեւորում մըն է, որ քաղաքակիրթ աշխարհը չէ տեսած սկսեալ տակաւին 20-րդ դարու երկրորդ կէսէն, երբ նորագոյն ժամանակաշրջանի բռնատիրութիւննեու կործանումէն վերջ, նոր թափ առին ազգայինազատագրական շարժումները:

Ատրպէյճանի կողմէն հայ ռազմագերիներու շարունակական բանտարկութիւնը, անոնց նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքը, քաղաքական առեւտուրի համար օգտագործելու փորձերը, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ բացայայտ յաւակնութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքի իրաւունքին հանդէպ ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ թորւքատրպէյճանական բարձրագոյն մակարդակէն հնչած սպառնալիքները կու գան փաստելու հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներու միջեւ շարունակական թշնամանք երաշխաւորելու` ատրպէյճանաթրքական հեռահար նպատակը:

Ստեղծուած ծայրաստիճան պայթիւնավտանգ իրավիճակին եւ անորմով Թուրքիոյ առանցքային դերակատարութեան առնչութեամբ, արդէն  անհրաժեշտ աշխատանքներ կը տանինք առանձին պետութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ ընդհանրապէս համաշխարհային հանրութեան հետ:

Ատրպէյճանի բռնապետին խստօրէն կը զգուշացնենք` չխաղալ մեր ժողովուրդի ազգային արժանապատուութեան հետ. մարդկութեան պատմութեան գրեթէ բոլոր բռնապետներն ու պատերազմական ոճրագործները անփառունակ վախճան  ունեցած են:

Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը կը շարունակէ մնալ չլուծուած, հետեւաբար` պիտի շարունակենք յանուն Արցախի վերականգնման եւ Հայաստանի արժանապատուութեան հայութեան արդար պայքարը»: