23 Ապրիլին, Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի նախօրէին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն սկիզբ առաւ  ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւններուն նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան Ազատութեան հրապարակէն` Ջահերով երթի մեկնարկի իր ելոյթով ըսաւ, որ 24 Ապրիլը սուգի տօն չէ այլեւս, 24 Ապրիլը արդարութեան կանչն է եւ պահանջատիրութեան ոգին:

«24 Ապրիլով մեր ժողովուրդը աշխարհով մէկ կ’իջնէ փողոց` աշխարհին յիշեցնելու իրենց պարտքը հայութեան նկատմամբ, աշխարհին յիշեցնելու, որ հայ ժողովուրդը ունի մէկ մեծ դատ, որմէ երբեք չի հրաժարիր, յարատեւ պայքար մինչեւ կերտելու իր ամբողջական հայրենիքը», ըսաւ ան:

Յակոբ Տէր-խաչատուրեան յիշեցրեց, որ  քանի մը օր առաջ նշեցինք մեծագոյն ոճրագործ Թալէաթի սպանութեան 100-ամեակը` որով  անգամ մը եւս շեփորելով այն իրողութիւնը, որ երբ աշխարհը թքած ունէր արդարութեան երեսին, երբ աշխարհը կ’անտեսէր մեր միլիոնաւոր նահատակներուն կանչը, երբ աշխարհը չէր տար ոճրագործ ցեղախումբի ոճրագործ ղեկավարներու արդար դատաստանը, հայ ժողովուրդը` ՀՅԴ ընդհանուր ժողովի որոշումով, վճռեց ինքը տալ իր ազգի լաւագոյնը որպէս վրիժառու բազուկներ, որպէսզի մէկ առ մէկ զգետնեն այդ ճիւաղները:

24 Ապրիլը լացի ու ողբի օր չէ, ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ղեկավարը, 24 Ապրիլը վերջին 60-70 տարիներուն` մեր ժողովուրդի զարթօնքի նախանշանն է․ 60-ական թուականներէն յետոյ յարութիւն առաւ մեր ժողովուրդը եւ իջաւ փողոց Երեւանի ու աշխարհի մէջ` պահանջելով մեր հողերը, առաջին ազդանշանն էր, որ մենք նահատակներուն յիշատակումէն կ’անցնէինք դէպի պահանջատիրութիւն:

«60-ականներէն վերջ 70-80-ական թուականներուն ուժային մեր շարժումը, Հայ Դատի մեր շարժումը խախտեց աշխարհի լռութիւնը, եւ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացուց հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան վրայ, անոր յաջորդեց Արցախի ազատամարտը եւ մեր հայրենիքի անկախութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Եւ այսօր որքան խորհրդանշանական է, որ այդ նահատակ ցեղի անմահ երիտասարդութիւնը հաւաքուած է այստեղ որպէսզի առաջնորդի մեզ, որ մէկ անգամ ալ մեր յարգանքի տուրքը մատուցենք մեր նահատակներուն եւ միաժամանկ շեշտաւորենք, որ այլեւս երբեք Ցեղասպանութիւն պիտի չտեսնենք, երբեք պիտի չպարտուինք, եւ ամէն գնով պիտի աշխատինք, որ վերակերտենք մեր արժանապատուութիւնը եւ վերակագնենք մեր ամբողջական Հայաստանը», ըսաւ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան:

Ջահերով երթէն առաջ, երիտասարդները այրեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշները․ուղեկցելով «Պայքար, պայքար, պայքար» վանկարկումներով, ինչպէս նաեւ «Մա՛հ թուրքերուն» կոչերով:

Թշնամիների դրօշակները մոխրանալէն վերջ, հազարաւոր երիտասարդներ, գլխավերեւը պահած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններու դրօշակները, հայրենասիրական երգերով ու պահանջատիրական կոչերով, ընթացան դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` ամբողջ գիշեր խնկարկելու անմեղ եւ սրբադասուած նահատակներու յիշատակը:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր հասած երթի հազարաւոր մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Մեծ Եղեռնի աւելի քան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Անմար կրակի մօտ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու դրօշակները: Երթի մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ: