Կիրակի, 25 Ապրիլ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Խորհրդարանը իր 7-րդ նիստը գումարեց Համմուտա Սապպաղի նախագահութեամբ։ Խորհրդարանի անդամներ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով յայտնեցին, որ Ցեղասպանութիւնը սեւ բիծ պիտի մնայ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ։
Անոնք իրենց մէջբերումներով դիտել տուին, որ Սուրիոյ ժողովուրդը երախտապարտ է Սուրիոյ մէջ հայ համայնքին պատերազմին ընթացքին Սուրիոյ ժողովուրդին եւ կառավարութեան հանդէպ ցուցաբերած հպարտալի կեցուածքին համար։
Յիշենք, որ 13 Փետրուար 2020-ին, Սուրիոյ Խորհրդարանը միաձայնութեամբ քուէարկեց ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման Սուրիական-Հայաստանեան խորհրդարանական բարեկամութեան միութեան ներկայացուցած բանաձեւին։
Ինչպէս նաեւ 8 Փետրուար 2020-ին ռուսական հաշտեցման կեդրոնը յայտնեց, որ Հայաստանէն ժամանած 83 մասնագէտներէ բաղկացած մարդասիրական խմբակ մը Հալէպ հասած է՝ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն տեղադրած ականները քակելու եւ Սուրիոյ ժողովուրդին բժշկական ծառայութիւն մատուցելու նպատակով՝ առ ի երախտագիտութիւն Սուրիոյ ժողովուրդին եւ պետութեան Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած հայութեան հիւրընկալման եւ անոր վերածաղկումին սատարման։