Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 24 Ապրիլ 2021_ին հայ ժողովուրդին յղուած ուղերձով ԱՄՆ նախագահներու շարքին առաջին անգամ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Պայտըն իր ուղերձին մէջ օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը:

Վերջին օրերուն աշխուժացած էին խօսակցութիւնները, որ Պայտըն մտադիր է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ամերիկեան լրատուամիջոցները, վկայակոչելով ԱՄՆ նախագահի վարչակազմի իրենց աղբիւրները, յայտնած էին, որ Պայտըն իր մտադրութեան մասին տեղեակ պահած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը: