Վերջերս Գամիշլիի մէջ տեղի ունեցած բախումները ծայր առած էին Երեքշաբթի, 21 Ապրիլ 2021- ի ուշ գիշերին, ցնցելով բնակչութիւնը, որ անակնկալի եկած էր տեղի ունեցող անսպասելի դէպքերը տեսնելով։ Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին տարածումը կասեցնելու համար պարտադրուած շրջագայութեան արգիլումն ու անոր հետեւանքով յառաջացած ճնշուածութիւնը Ճեզիրէի շրջանէն ներս սրեցին կացութիւնը։ Բուռն, երկկողմանի բախումները տեղի ունեցան քիւրտերու եւ պետութեան պատկանող ինքնապաշտպանական խմբաւորումներու միջեւ, անորոշ վիճակի մատնելով. շրջանին կացութիւնը։
Ուստի ապահովական նկատառումներէ թելադրուած, Մեծ Եղեռնի յիշատակի ոգեկոչման հանդիսութիւնները փոխարինուեցան այլ ձեռնարկներով, եկեղեցական արարողութիւններով, որոնց ուղիղ սփռումը եւս իրականացաւ ռւ ժողովուրդը կարելիութիւն ունեցաւ առցանց հետեւելու արարողութիւններուն։
Արդ, Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի տիրացու տիար Նուպար Մելքոնեանի, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչին եւ ազգային մարմիններուն, Ուրբաթ, 23 Ապրիլ 2021- ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Բարեխօսական կարգի արարողութիւնը՝ Առաջնորդարանի շրջափակէն ներս, իսկ Շաբաթ, 24 Ապրիլի առաւօտեան՝ Ս. Եւ Անմահ Պատարագ ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին։
Օրուան խորհուրդն ու պատգամը ուղղեց հոգեշնորհ հայր սուրբը, որ իր խօսքը սկսաւ Յովհաննէս առաքեալի Յայտնութեան գիրքէն առնուած հետեւեալ խօսքով. « Տէ՜ր, Սուրբ ես եւ ճշմարիտ. մինչեւ ե՞րբ մեր աղաչանքը պիտի մնայ անպատասխան։ Տէ՜ր, մինչեւ ե՞րբ մեր պաղատանքը պիտի մնայ առանց հատուցման։ Մենք կը հաւատանք Աստուծոյ արդարութեան եւ կը հաւատանք, որ մեր սրբադասուած նահատակներուն արեան կանչը լսելի պիտի դառնայ։ Այսօր տօնն է հայ ազգի յարութեան։ Ինչպէս Քրիստոս իր չարչարանքով, մահով եւ յարութեամբ կեանք պարգեւեց մարդկութեան, նոյնպէս մեծ եղեռնի զոհերը իրենց նահատակութեամբ յարութիւն տուին հայ ազգին եւ մեր գոյատեւման երաշխիքը դարձան։ Եւ Ինչպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը շեշտեց. «Կը յիշենք, կը յիշեցնենք եւ կը պահանջենք», նոյնպէս այսօր մենք՝ Ճեզիրէի հայութիւնս հաստատօրէն կ՚ըսենք, որ պահանջատիրական պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ վերջնական արդար հատուցում։ Ոչ մէկ ուժ պիտի կարենայ կասեցնել հայ ժողովուրդը իր յաղթական երթին մէջ, եւ որքան դժուար ըլլայ ճամբան, այնքան աւելի պիտի զօրանան մեր կամքն ու հաւատքը։ Այսօր , վաղը եւ յաւիտեան պիտի խոնարհինք մեր նահատակներու յիշատակին առջեւ եւ պիտի հաստատենք մեր վճռական եւ անխորտակելի երթը դէպի արդարութիւն»։
Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում Եղեռնի յուշակոթողին դիմաց։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն