Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին, Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ին, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն ոգեկոչման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ իրենց պահանջատիրութեան ուխտը վերանորոգելու եկած հայորդիներ:
Ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ մէկ վարկեան յոտնկայս լռութեամբ՝ յարգելու մէկ ու կէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն եւ Արցախեան անմահ հերոսներուն:
Հայաստանի եւ Սուրիոյ հանրապետութիւններու զոյգ քայլերգներէն ետք, օրուան բեմավարուհի Հերմիկ Տողրամաճեան-Գաբրիէլեան բացման խօսք արտասանեց: Ան ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախեան հիմնահարցերը կը շարունակուին մնալ անլոյծ, հետեւաբար կը շարունակենք յանուն Արցախի վերականգնումին եւ հայ ժողովուրդի արժանապատութեան վերականգնումին մեր արդար պայքարը՝ ճանաչում, դատապարտում եւ հատուցում պահանջելով»:
Օրուան բանախօսն էր պատմաբան, վաստակաշատ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի դոկտ. Շողեր Աշըգեան: Ան «Յարատեւ Պահանջատիրութիւն» խորագիրով իր բանախօսութեան ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ «Հայ Դատ» հասկացութիւնը, որ հողի ու հատուցման դատ է, եւ որուն վախճանական նպատակը կ՛իրագործուի երբ մենք տէրը դառնանք մեր կորուսեալ հայրենիքին: Ան յայտնեց, որ «Մեր պահանջատիրութիւնը տեւական, կայուն գործընթաց է անփոփոխ նպատակի մը համար», իսկ «Մէկ հայրենիք, մէկ ազգ եւ մէկ դատ»ը այն գաղափարն է, որ ամէնէն բարձրը պէտք է հնչէ:
«Մենք, իբրեւ լաթաքիաբնակ հայութիւն, մեր դատին տէրն ենք, հետեւաբար՝ պահանջատէր ենք: Կը հաւատանք, որ մեր միասնականութեամբ ու մեր յարատեւ պահանջատիրութեամբ յաղթանակներ դեռ կը կերտենք» ըսաւ բանախօսը:
Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան ՍՕԽ-ի «Շուշի» Մասնաճիւղը, Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» Մասնաճիւղի «Նարեկ» երգչախումբը, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան «Կայծակ» Մասնաճիւղը եւ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան «Արցախ» Մասնաճիւղը՝ միատեղ ներկայացնելու ապրիլեան եղեռնի եւ արցախեան պատերազմին նուիրուած պատկերներ:
Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնն ու Հայ Երիտասարդական Ընկերակցութիւնը իրենց հիմնադրութեան 115-րդ եւ 90-րդ պանծալի ամեակներուն առիթով «Գարուն» երգչախումբի եւ «Կիլիկիա» պարախումբի մասնակցութեամբ ներկայացուցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած «Մեր Պայքար»ը խորագիրով ասմունքներու շարք մը:
Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտէն ետք, բեմավարուհին հրաւիրեց Արժ Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկերեանը՝ օրուան եզրափակիչ պատգամը տալու: Ան ըսաւ, որ 24 Ապրիլը պայքարի եւ Հայ Դատի հետեւողականութեան, արդարութեան եւ արդարադատութեան թուական է: Մեր 1,5 միլիոն նահատակները մեր բարեխօսներն են տիրոջ առջեւ: Արցախի մէջ, վերջերս հայ ժողովուրդին եւ Արցախին նորօրեայ ջարդին հետեւանքով ունեցանք նահատակ հերոսներ եւ կորսնցուցինք հողամասեր: Մեր նահատակ հերոսները չմահացան, այլ աւետարանական հասկացողութեամբ ինկան որպէս սերմնահատիկներ հողին մէջ, որպէսզի ծլին եւ ծաղկին նոր հերոսներ՝ Հայ Դատին եւ հայու պայքարին համար: Տէր Վազգէն գնահատեց օրուան գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցողները եւ բանախօս դոկտ. Շողեր Աշըքեանը:
Ոգեկոչման հանդիսութիւնը փակուեցաւ քահանայ հօր «Պահպանիչ» աղօթքով: