«Էրմէնիհապեր»- ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի ապրիլքսանչորսեան ուղերձին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուէն վերջ արձագանգած է նախագահ Էրտողանի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն:
Անհիմն պնդումներ յառաջ բերելով, թէ Պայտըն նման որոշում գոյացուցած է հայկական լոպպիի ազդեցութեան տակ` Քալըն յայտնած է, որ ԱՄՆ նախագահի յայտարարութիւնը Թուրքիոյ համար առ ոչինչ է:
Էրտողանի խօսնակը, կրկնելով Թուրքիոյ պաշտօնական թեզերը, յայտարարութեան մէջ յատկապէս յայտնած է.
«Պատմական իրադարձութիւնները պատմաբաններու կողմէն պէտք է ուսումնասիրուին: Պատմական իրողութիւնները քաղաքական նեղ շահերը չեն կրնար կանխորոշել: Մեր նախագահ Էրտողանը, 1915 թուականի իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու համար պատմութեան միատեղ յանձնաժողով ստեղծելու կոչ ուղղելով, կը փափաքէր պատմութեան առնչուող այս հարցը ազատել քաղաքականութեան եւ վատ նպատակներ հետապնդող շրջանակներու ստուերէն: Անոնք, որոնք կը վախնային ճշմարտութեան բացայայտումէն այս կոչին չարձագանգեցին»:
Ինչպէս Չաւուշօղլուն, ան նոյնպէս դատապարտած է Սպիտակ տան ղեկավար յայտարարութիւնը եւ զայն մեղադրած է պատմական իրողութիւնները աղաւաղելու մէջ: Նաեւ դիտել տուած է, որ Պայտընի յայտարարութեան հետեւանքով թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններում կ’առաջանայ «խոր վէրք», իսկ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման գործընթացը կը վնասուի: