«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն ԱՄՆ նախագահ Ջոզէֆ Պայտընի ապրիլքսանչորսեան ուղերձով եւ անոր կողմէն ցեղասպանութիւն բառը պաշտօնապէս կիրառելէն վերջ  թուիթերեան իր միքրոպլոկինմէջ գրառում  կատարած է:

Չաւուշօղլուն մասնաւորապէս յայտնած է.

«Բառերը չեն կրնար փոխել պատմութիւնը, չեն կրնար վերաշարադրել: Մեր պատմութեան մասին ոչ ոքէն դաս քաղելու մտադրութիւն չունինք: Քաղաքական շահախնդրութիւնը խաղաղութեան եւ արդարութեան հանդէպ դաւաճանութիւն է:

Այս յայտարարութեան միակ հիմքը ժողովրդականութիւնն է, եւ մենք  ամբողջովին կը մերժենք»:

Չաւուշօղլուն չբաւարարուելով մէկ անգամեայ գրառումով` յոխորտագին մեկնաբանութեամբ երկրորդ անգամ  բաժնեկցած է թուիթերի իր էջին վրայ: