Երկուշաբթի, 26 Ապրիլ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հալէպի Արուարձանի Աֆրին քաղաքի Մայտանա գիւղին մէջ թրքական ուժերուն ենթակայ «Համզա» կոչուած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումը կին մը առեւանգեց։ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը աւելցուց, որ վերջերս թրքական ուժերը Աֆրինի մէջ բազմացուցած են առեւանգումի գործողութիւնները, որպէսզի ժողովուրդին մէջ սարսափ ստեղծուի եւ անոնք ստիպուած ըլլան իրենց բնակարանները լքելու եւ շրջանէն հեռանալու։