Կիրակի, 25 Ապրիլ 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղ Սահմանադրական բարձրագոյն դատարանէն տեղեկացաւ, որ Ինաս Մարուան Քաուատիրի, Հանի Ատնան Թահհան եւ Մուհամէտ Համտի Սալահ Սուրիոյ նախագահութեան պաշտօնին իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են։ Մինչեւ օրս Սուրիոյ նախագահութեան պաշտօնին 21 թեկնածուներ առաջադրուած են։ Յիշենք, որ Կիրակի, 18 Ապրիլ 2021-ին, Սապպաղ յայտարարեց, որ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածութեան արձանագրութիւնը կը սկսի Երկուշաբթի 19 Ապրիլ 2021-ին, մինչեւ յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 28 Ապրիլ 2021։